image

Արեւմտեան Թեմ. Նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանին անդրանիկ այցը դէպի Սան Ֆրանսիսքօ

Արեւմտեան Թեմ. Նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանին անդրանիկ այցը դէպի Սան Ֆրանսիսքօ

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի (Կիլիկեան թեմ) նորընտիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան ստանձնելէ ետք իր առաջնորդական պատասխանատւութիւնները կը շարունակէ շրջայցներ կատարել Թեմի տարբեր շրջաններ ու քաղաքներ։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ մասնաւորապէս Սրբազան հօր Սան Ֆրանսիսքօ կատարած հովաուական այցին մասին կը գրէ՝

Հինգշաշթի, 23 Մայիս 2024-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանի մեկնեցաւ Սան Ֆրանսիսքօ եւ դիմաւորուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Տիար Ռոստոմ Այնթապլեանի կողմէ։ 

Յաջորդ օր, 24 Մայիս 2024-ին, Սրբազան Հայրը նախագահեց Ովսաննա Մսըրլեան մանկամսուրի աշակերտներու աւարտական հանդէսին, որուն ընթացքին ան իր հայրական սրտառուչ պատգամը փոխանցեց։ Ներկայ էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան, Ազգ. Վարչութեան անդամ՝ Տիար Կարպիս Պեզճեան եւ Տիար Ռոստոմ Այնթապլեան։

Գեղամ Սրբազան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ հայ դպրոցը հայ մանուկին երկրորդ տունն է եւ իւրաքանչիւր երդիք մայր կ’ունենայ, հետեւաբար, հայ ուսուցիչը ունի երկեակի պարտականութիւն. ան իր աշակերտներուն թէ՛ ուսուցիչը եւ թէ՛ մայրն է։ Ցոյց տալով բեմին վրայ կանգնեցուած դէպի Արարատ լեռ եւ Խոր Վիրապ տանող լուսանկարը, Սրբազանը մատնանշեց, որ հայ դպրոցը այն հարթող ճանապարհն է, որ հայ նոր սերունդը կ’առաջնորդէ դէպի հայ քրիստոնեայ հաւատք եւ հայկական արմատներ։ Իր խօսքը ուղղելով հայ ծնողներուն, ան մեծապէս գնահատեց զանոնք, որովհետեւ անոնք հաւատալով հայ դպրոցի առաքելութեան, իրենց զաւակները կը վստահին հայ դպրոցին, մանաւանդ Արեւմտեան այս ափերուն վրայ։

Կիրակի, 26 Մայիս 2024-ին, Գեղամ Արք. Խաչերեան նախագահեց Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, կատարեց Հանրապետական մաղթանք ու եռագոյն դրօշի օրհնութիւն եւ աւուր պատշաճի քարոզեց։ Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ նորանշանակ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Արցախ Քհնյ. Պատոյեան։ Ս․ Պատարագին սպասարկեցին սարկաւագներ եւ դպիրներ: Հոգեպարար արարողութեան ներկայ գտնուեցան Ազգ. Վարչութեան անդամ՝ Տիար Կարպիս Պեզճեան, համայնքային կեանքի ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ հաւատացեալներ:

Յանուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, բարի գալուստի խօսք արտասանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն՝ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան եւ քաջառողութիւն, ուժ ու կորով մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որպէսզի իրեն վստահուած հօտը առաջնորդէ ի բարին եւ ի խաղաղութիւն։ 

Գեղամ Սրբազան իր պատգամին իբրեւ բնաբան ընտրած էր Պօղոս առաքեալի Ա. Կորնթացիներուն ուղղուած նամակէն հետեւեալ խօսքը. «Ներկայիս, ուրեմն, միակ կարեւոր բաներն են՝ հաւատքը, յոյսը եւ սէրը. իսկ այս երեքէն մեծագոյնը՝ սէրն է» (Ա. Կր 13.13)։ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ քրիստոնէական եկեղեցւոյ ամէնէն կարեւոր առաքինութիւններն են հաւատքը, յոյսը եւ սէրը, որոնք որպէս եռամիասնութիւն կը կազմեն մեր քրիստոնէական հաւատքի հենքն ու կիզակէտը։ «Հաւատքը սոսկ գիտակցական վիճակ մը չէ, այլ ամէնէն զօրաւոր զգացականութիւնը մարդուն մէջ, որ զինք սովորական կեանքէն դուրս եւ աւելի բարձր իրականութեանց հաղորդ կը դարձնէ։ Յոյսն է, որ մեզի ներկան ապրելու եւ ապագային նայելու մղում կու տայ, որովհետեւ գերագոյն յոյսը եւ յոյսի տուիչը Աստուած ի՛նքն է։ Իսկ սէրը բոլոր առաքինութեանց ծնուցիչն է եւ պատուիրաններու պարագլուխը, որմէ ծնունդ կ՛առնեն թէ՛ հաւատքը եւ թէ յոյսը, թէ՛ ողջմտութիւնը եւ թէ խաղաղութիւնը», ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազանը։ 

Այնուհետեւ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս վեր առաւ Հայաստանի անկախութեան տօնն ու նահատակութեան գնով հայրենիք պահելու անցեալ դարու հայ սերունդներու հայրենասիրութիւնը, հաւատքն ու պայքարի ոգին՝ ընդդէմ ցեղասպան թուրք պետութեան եւ անոր հայաստանակուլ գրոհներուն, յորդորելով համայն հայութիւնը, որ եղբայրաբար ու միասնական կեցուածքով դիմագրաւեն մերօրեայ մարտահրաւէրները։ Սրբազանը հաստատեց, թէ հայրենասիրութիւնը ազգային առաքինութիւններուն գլխաւորագոյնն է։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ յայտարարեց, որ Արժ. Տ. Արցախ Քհնյ. Պատոյեան նշանակուած է նոր հովիւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ մաղթեց, որ Տէր Հայրը կոչումի բարձրագոյն գիտակցութեամբ շարունակէ իր ծառայութիւնը իրեն հոգեհարազատ միջավայրին մէջ՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի պանծացումն Հայ Եկեղեցւոյ։ Ան նաեւ դրուատեց Հայր Սմբատի ծառայութիւնը թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ համայնքի կեանքէն ներս եւ անոր նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց։ Յայտնենք, որ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ շնորհաւորեց Ս. Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի անուանակոչութիւնը եւ մաղթեց առողջութիւն եւ ընդ երկար տարիներու գահակալութիւն։ 

Իր պատգամի աւարտին, Գեղամ Արք. Խաչերեան ողջունեց Սան Ֆրանսիսքոյի ծխական համայնքը եւ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, ապա շեշտեց Մայիս 28-ի եւ հայրենասիրութեան ոգին յաջորդող սերունդներուն փոխանցելու կարեւորութիւնը՝ դիտել տալով, որ նորօրեայ մատղաշ սերո՛ւնդն է մեր ազգի յոյսն ու ապագան։ 

Հուսկ, կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք ու եռագոյն դրօշի օրհնութիւն, որմէ ետք հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտիչներու, Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ Արցախեան հերոսամարտերու զոհուած ազատամարտիկներու հոգիներուն համար։

Յետ Ս. Պատարագի, Խաչատուրեան հայ կեդրոն սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սիրոյ Սեղան՝ ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Գեղամ Արքեպիսկոպոս մեծ սիրով դիմաւորուեցաւ համայնքի զաւակներուն կողմէ, ծանօթացաւ անոնց հետ եւ ընդունեց անոնց շնորհաւորանքներն ու ջերմագին բարեմաղթութիւնները։