image

Արեւելեան Թեմ.Հայ եկեղեցին ի պատուի. 68 Տարուան բարեպաշտ մտերմութիւն եւ 100 հազար ԱՄՆ տոլարի նուէր

 Արեւելեան Թեմ.Հայ եկեղեցին ի պատուի. 68 Տարուան բարեպաշտ մտերմութիւն եւ 100 հազար ԱՄՆ տոլարի նուէր

Կարգ մը ազնուական հայ ընտանիքներու պարագային Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ առկայ կապը այնքան ամուր կ՚ըլլայ, որ այն կը շարունակուի նոյնիսկ մահէն անդին։

Զարմանալի է գուցէ շատերուն համար, բայց եւ այնպէս ճշմարտութիւն ըլլալէ չի դադրիր։

 Նման պարագայի մը հետ ենք կ՚առնչուինք, երբ կը խօսինք Նիւ Եորքի (ԱՄՆ Արեւելեան թեմ) Թեմի բարեպաշտ ընտանիքներէն՝ Էտուարտ եւ Լուիզ Թաշճեաններուն մասին։ 

Հանգուցեալները իրենց պսակադրութեան օրէն ասդին ( 68 տարիներ առաջ) եղած են Հայոց Եկեղեցւոյ տէրն ու ծառան ու անոնց դէպի յաւերժութիւն երթալէն ետք ալ հանգուցեալներուն զաւակները չեն մոռցած անոնց սրտաբուխ նուէրը տրամադրել մեր եկեղեցիին։

 Հանդիսաւոր եւ յուսադրիչ այս լուրին մասին տեղեկութիւն ստացանք Նիւ Եորքի Թեմէն, որ նաեւ այդ առթիւ ներկայացուցած է հակիրճ լրատւութիւն մը։

 

 Ստորեւ այդ լրատւութիւնը՝

 

Կիրակի, Փետրուար 12-ին, Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին 100.000 տոլարի նուիրատուութիւն մը ստացաւ Թաշճեան ընտանիքէն, ի յիշատակ իրենց ծնողաց եւ մեծ ծնողաց՝ տէր եւ տիկ. Էտուըրտ եւ Լուիզ Թաշճեաններու։ Նուիրատուութիւնը կատարուեցաւ տիկին Լուիզ Թաշճեանի մահուան առաջին տարելիցին առիթով։

 Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք․ Դանիէլեանի նախագահութեամբ։ Այս առթիւ, յայտարարութիւն մը կատարեց հանգուցեալներու թոռը՝ Ալեքսանտր Ռոտրիկէսը, յանուն Թաշճեան ընտանիքին, որ այս նուիրատուութեամբ հաստատած ու վկայակոչած է իր երկարատեւ կապը Մայր Եկեղեցւոյ հետ։ Այս կապը 68 տարուայ պատմութիւն ունի, սկսելով Էտուըրտ եւ Լուիզ Թաշճեաններու ամուսնութենէն, որ կատարուած է օրուան հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Արսէն Ա. Քհն. Սիմէօնեանցի։ Անոնց երեք զաւակներէն երկուքը մկրտուած են այս եկեղեցւոյ մէջ։

 

Ալեքսանտր Ռոտրիկէս յիշեց իր մեծ հայրերն ու ընտանեկան պատմութիւնը Մայր Եկեղեցւոյ ծիրէն ներս եւ արտայայտեց ընտանիքի բաղձանքը, որ գումարը օգտագործուի եկեղեցւոյ բարեզարդման եւ տրամադրուի ի նպաստ Արցախի ու աշխարհի այլ կողմերու կարիքաւոր հայերու։

 

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Թաշճեան ընտանիքի առատաձեռնութիւնը եւ ոգեկոչեց հանգուցեալ ամոլի յիշատակը, ողջունելով անոնց օրինակելի ընթացքը՝ թէ՛ իրենց շառաւիղներուն եւ թէ՛ համայնքին համար։ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց նուիրատու ընտանիքին, որ կը հետեւի այն բազմաթիւ անձերու աւանդութեան, որոնք հայութեան սատարած են եկեղեցւոյ ճամբով։

 

Պրն. Էտուըրտ Թաշճեան 2020-ին իր բաժինը բերած էր Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հանգանակութեան ի նպաստ 44-օրեայ պատերազմին վիրաւոր հայ զինուորներուն։