image

«Արդիական մետաղներ», «Կանաչ ջերմուժ» եւ տնտեսական նոր որակներ. «ԶՊՄԿ»-ի Տնօրէնի տեղակալ Վարդան Ջհանեանի յայտարարութեանց լոյսին տակ

«Արդիական մետաղներ», «Կանաչ ջերմուժ» եւ տնտեսական նոր որակներ.  «ԶՊՄԿ»-ի Տնօրէնի տեղակալ Վարդան Ջհանեանի յայտարարութեանց լոյսին տակ

«Մենք այսօր կը տեսնենք, որ Հայաստանի կարեւորագոյն ճիւղերէն մէկը, որ կրնայ յանգեցնել «Համախառն ներքին արդիւնք»ի (ՀՆԱ) աճին եւ աւելի բարելաւել մեր ազգաբնակչութեան կենսամակարդակը, կրիտիկական մետաղներն են։ Անոր համար ալ կազմակերպած ենք այս գիտաժողովը, որ հասկնանք, թէ կրիտիկական մետաղներու ոլորտէն ներս ո՞ր ուղղութեամբ պէտք է զարգանալ մեր երկիրը: 

 

Նիւթը համադրեց՝ «Արեւելք»ը 

 

 Այսօրուայ յարափոփոխ աշխարհին մէջ կը փոխուին նաեւ այն յարացոյցները, որոնք մղիչ ուժ կը համարուին ցանկացած երկրի տնտեսութեան ամրութեան համար։ 

Այս առումով ալ եւ յատկապէս վերջին տարիներուն սկսած Եւրոպայի մայր ցամաքէն հասնելով մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, Չինաստան եւ Ռուսիոյ բոլորը կը խօսին «այլընտրանքային ջերմուժի» կամ նոյնիսկ «Կանաչ ջերմուժի» մասին։ 

Կենսոլրոտային խնդիրներով ծանր մարտահրաւէրներու դիմաց կանգնած աշխարհին մէջ, տնտեսագէտներ այլեւս միայն չեն մտածեր նաւթի նոր հանգերու օգտագործման, աւելի բարձր հասանելիութիւն ունեցող ելեկտրական հոսանքի ցանցի ստեղծման կամ նոյնիսկ անապատ ջուրի պաշարներու կուտակման մասին, այլ անոնք կը խօսին «Մաքուր ջերմուժի» մասին, որուն որպէս յարացոյց եւ յենարան վերհանուի մաքուր միջավայր մը, եւ կայուն պայմաններու մէջ նոր որակներու տնտեսական աճ ապահովելու ընտրանքներուն մասին։

Ու այս պարագային ալ հիմնարարը , ոչ թէ հսկայածաւալ տարածքներու վրայ գոյացած պետութիւն մը ունենալն է, կամ միլիառաւոր տոլարներու եկամուտ բերող նաւթ կամ հանքածուխ ունենալը, այլ դրական միջավայրի մը մէջ դանդաղ բայց առողջ աճ մը ապահովելու հիմնարար սկզբունքը։

Այս ծիրին մէջ է նաեւ, որ կենսական կը համարուի փոքր տնտեսութիւններով առաջ երթալու միտումը, որուն մէջ ալ պէտք է հիմնական ներկայութիւն ըլլան տնտեսութեան ու մանաւանդ արդիական ճարտարարուեստի մէջ նոր ուղղութիւններ, հետեւաբար նաեւ նոր գործիքներ կիրառելու կարեւորութիւնը։

 

 

 Այս բոլորին զուգահեռ այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ կը կարեւորուի Հայաստանի ունեցած ներուժը, ուր սովորական համարուած հանքարդիւնաբերութեան կողքին արդէն իսկ շրջանառութեան մէջ կը դրուին փայլուն եւ թարմ գաղափարներ, որոնք կը խօսին «այլընտրանքային մետաղ»ներ դուրս բերելու եւ այդ արտադրութիւնը տնտեսական աճի ու նոր ուղիներ կերտելու հնարաւորութեանց մասին։Ու այստեղ է նաեւ, որ կը կարեւորուի «Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային գործարան» Փակ բաժնետիրական ընկերութեան (ՓԲԸ) գլխաւոր տնօրէնի առաջին տեղակալ Վարդան Ջհանեանի հնչեղ խօսքը, ուր մեր հայրենակիցը յստակ շեշտերով կը խօսի Հայաստանի նոր եւ արդիական լուծումներու եւ ճարտարարուեստի մէջ օգտագործուելիք մետաղներ ունենալու ու նաեւ այդ առումով կենսական աշխատանք եւ ուսումնասիրութիւններ կատարելու կարեւորութեան մասին։ Ի դէպ Ջհանեան այս մասին խօսած է Հայաստանի ազգային փոլիտեխնիկական (Ճարտարագիտական) համալսարանին մէջ Հայաստանի հանքագործներու եւ մետաղագործներու միութեան կազմակերպած «ՀՀ-ում լիթեումի ուսումնասիրութիւններու արդի վիճակը եւ կորզման հիմնախնդիրները» աշխատաժողովի ժամանակ, ուր մասնաւորապէս ըսած է ՝

«Մենք այսօր կը տեսնենք, որ Հայաստանի կարեւորագոյն ճիւղերէն մէկը, որ կրնայ յանգեցնել «Համախառն ներքին արդիւնք»ի (ՀՆԱ) աճին եւ աւելի բարելաւել մեր ազգաբնակչութեան կենսամակարդակը, կրիտիկական մետաղներն են։ Անոր համար ալ կազմակերպած ենք այս գիտաժողովը, որ հասկնանք, թէ կրիտիկական մետաղներու ոլորտէն ներս ո՞ր ուղղութեամբ պէտք է զարգանալ մեր երկիրը: 

 

Կրիտիկական մետաղներն են լիթիումը, նիքելը, կոբալտը, պղինձը։ Եւ Հայաստան այդ ոլորտին մէջ զարգանալու ներուժ ունի: Տեսնելով անոր մեծ ներուժը Հայաստանի մէջ, կը փորձենք կառավարութեան, բուհերու (Բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն) եւ գիտութեան ոլորտի հետ քննարկել, թէ ինչ կարելի է ընել, որ Հայաստանի հանրապետութեան ունեցած ներուժն այդ ուղղութեամբ զարգանայ։ Հանքագործներու եւ մետաղագործներու միութեան եւ միւս բոլոր հասարակական կազմակերպութիւններու դերը պէտք է ըլլայ օգնել պետութեան, կառավարութեան, որ ուշադրութիւն դարձնեն տնտեսութեան զարգացման նպաստող ուղղութիւններուն:

 

Առանց զարգացման, առանց տնտեսական աճի, Հայաստան չի կրնար ուրոյն տեղ ունենալ տարածաշրջանին մէջ։ Մենք պէտք է տնտեսապէս զարգացած երկիր ըլլանք։ Տնտեսութեան զարգացումը կը նշանակէ ուժեղ բանակ, հզօր պետութիւն։ Ամէն ինչի հիմքը տնտեսութիւնն է, եւ մենք պէտք է ուժեղ տնտեսութիւն ունենանք։»

 Ի դէպ նոյն միջոցառման ներկայ էր նաեւ Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու փոխնախարար Յովհաննէս Յարութիւնեան, որ ողջունելով այդ միջոցառումն՝ ըսած է,-« քանի մը տարի է ինչ ողջ աշխարհը կը խօսի կրիտիկական մետաղներու անհրաժեշտութեան եւ անոնց կիրառելիութեան կարեւորութեան մասին։ Մասնաւորապէս լիթիումի մասին, որովհետեւ այն կը հանդիսանայ ելեկտրականութեան կուտակման մարտկոցներու հիմնական հումքը։

 

Ամբողջ աշխարհի մէջ մեծ միջոցներ կը դրուին նման պաշարներու ուսումնասիրութեան համար:»