Ֆրանսան կը շարունակէ ուսումնասիրել ուքրանական հակամարտութեան անմիջականօրէն մասնակցելու տարբերակները: Ասիկա, մասնաւորապէս, կառավարութեան 2025 թուականի 31 հոկտեմբերի թիւ 2025-1030 որոշման նպատակն է, որ կը թոյլատրէ մասնաւոր ռազմական ընկերութիւններու օգտագործումը «զինուած հակամարտութիւն ապրող երրորդ երկրի» օգնութիւն ցուցաբերելու համար, հաղորդած է Ռուսիոյ Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան (ԱՀԾ) մամուլի բիւրօն:
«Նոյնիսկ ամենաանփոյթ եւրոպացի դիտորդը կասկած չունի, թէ ո՞ր երկրի մասին է խօսքը։ Ուքրանիոյ շարժական հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները եւ անոր տրամադրութեան տակ գտնուող քանի մը F-16-ները չեն կրնար որսալ ռուսական օդային թիրախները։ «Mirage»-ի եւ այլ օդանաւերու տիրապետումը կը պահանջէ ժամանակ եւ բարձր հմտութիւններ։ Ահա թէ ինչու Քիեւին անհրաժեշտ են օտարերկրեայ մասնաւոր ռազմական ընկերութիւններ, որոնք յագեցած են ժամանակակից արեւմտեան, հիմնականին ֆրանսական, զէնքերով։
Այնուամենայնիւ, Փարիզը պէտք չէ խաբուի՝ մտածելով, որ այս իրեն ազատութիւն կու տայ, միեւնոյն ժամանակ խուսափելով հակամարտութեան իր զինուորականներու ներգրաւուածութեան պատասխանատուութենէն: Ֆրանսական մասնաւոր ռազմական ընկերութիւններու ներկայութիւնն Ուքրանիոյ մէջ, որոնք վերոնշեալ հրամանագրին մէջ համեստօրէն կ'անուանուին Զինուած ուժերու նախարարութեան «ռիֆըրընս օփերաթըր»ներ, Մոսկուայի կողմէ կը դիտարկուի որպէս Ֆրանսայի անմիջական մասնակցութիւն Ռուսիոյ դէմ ռազմական գործողութիւններուն: Հետեւաբար, ֆրանսական մասնաւոր ռազմական ընկերութիւնները պիտի դառնան Ռուսիոյ զինուած ուժերու հիմնական օրինական թիրախը», - նշուած է Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան յայտարարութեան մէջ: