Մարտ 4֊ին ատրպէյճանական զինուորները փորձած են ահաբեկել Մարտունիի շրջանի Նորշեն գիւղի բնակիչները` կրակահերթէր արձակելով եւ յայտնի ձայնագրութիւնը հնչեցնելով:
Ինչպէս Նոր շէն համայնքի բնակիչներից մէկը տեղեկացու, Նորշենի մերձակայ դաշտերուն մէջ ռուս խաղաղապահներու ներկայութեամբ աշխատող գիւղացիները վախեցնելու եւ աշխատանքները դադրեցնելու համար թշնամիին զինուորները կրակահերթ արձակեած են դէպի օդ:
Դէպքէն յետոյ ռուս խաղաղապահները¬ իրենց հետեւակի մարտական մեքենայի փողը ուղղած են դէպի թշնամիին դիրքեր եւ գիւղացիներուն ըսած են, որ ուշադրութիւն չդարձնեն, չվախնան եւ հանգիստ շարունակեն աշխատանքները, խոստանալով ապահովել անոնց անվտանգութիւնը:
Այդ բոլորէն ետք ատրպէյճանցի զինուորները բարձրախօսով ինքնաշարժը մօտեցուցած են դիրքերուն եւ հնչեցուցած են յայտնի ձայնագրութիւնը, որ լսուած է Նորշեն եւ Աշան համայնքներուն մէջ:
Նշուած համայքներուն մէջ խուճապային տրամադրութիւններ չեն նկատուած: