image

Արցախեան պատերազմին մասնակցած 30 ատրպէյճանցի զինուորներ անձնասպան եղած են

Արցախեան պատերազմին մասնակցած   30 ատրպէյճանցի  զինուորներ  անձնասպան եղած են

Ատրպէյճանի մէջ ղարաբաղեան 44-օրեայ պատերազմի վեթերաններուն մէկ մասը կը դժգոհի, որ չի կրնար հաշմանդամութեան նպաստ ստանալ եւ, առհասարակ, կը բախի իր իրաւունքներու ոտնահարման: Իշխանութիւնները կը պնդեն, որ խնդիրը օրէնսդրութեան անկատարութեան եւ վեթերաններու անհիմն պահանջներուն մէջ է: Իսկ առայժմ վէճեր կ'ընթանան, թէ ով մեղաւոր է  նպաստների հետ կապուած խնդիրներուն համար, թեման աւելի ողբերգական կը դառնայ: Ատրպէյճանական մամուլը կը յայտնէ, որ ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի աւարտէն անցած մէկուկէս տարուան մէջ անոր մասնակիցներէն աւելի քան 30-ը ինքնասպանութիւն գործած են: Վերջին նման ինքնասպանութիւնը տեղի ունեցած է 2022 թուականի Յունիս 16-ին: 

2022 թուականի սկիզբէն Պաքոպի մէջ տեղի ունեցած են ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի մասնակիցներու մի քանի խմբակային եւ անհատական բողոքի ցոյցեր: Անոնք հիմնականին մէջ կը դժգոհին, որ չեն կրնար հաշմանդամութեան համար դիմել եւ նպաստ ստանալ: Վեթերանները կը կարծեն, որ իրենց նկատմամբ խտրականութիւն կը դրսեւորուի: