Այսօր առաջնահերթ խնդիրները ատրպէյճանա-հայկական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացի մեկնարկն է, ինչպէս նաեւ ճանապարհային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակումը։ Այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով։
«Մենք կը շարժինք եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու լիարժէք իրականացման անհրաժեշտութենէն, որոնք ամրագրուած են Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի, 2021-ի Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի յայտարարութիւններուն մէջ։ Այսօր առաջնահերթ խնդիրները ատրպէյճանա-հայկական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացի մեկնարկն է, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ ճանապարհային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակումը։ Այս ոլորտներուն մէջ յառաջընթացը հնարաւորութիւն պիտի տայ էական յառաջընթաց գրանցել Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ»։
Անոր խօսքով` Մոսկուան կողմ է, որ բոլոր անոնք, որ կը փափաքին միանալ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման Հարաւային Կովկասի մէջ, չգործեն զերոյական խաղի սկզբունքով, այլ շարժին կողմերու շահերով եւ հաշուի առնեն Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները: