image

Ափինեանի ղեկավարած կառոյցը պիտի քննարկէ Նայիրի Զարեանի թոռնուհիին հարցը

Ափինեանի ղեկավարած կառոյցը պիտի քննարկէ Նայիրի Զարեանի թոռնուհիին հարցը

Այսօր, «Հայ Գրողներու Միութեան» նախագահ Աբգար Ափինեան, անդրադառնալով վերջերս համացանցի վրայ յայտնուած՝ ատրպէյճանական CBC հեռուստաընկերութեան հարցազրոյց տուած Այրին Աւետեանին (իրական անունն է՝ Իռեն), նշած է որ ան «հերթական» դաւաճան Նայիրի Զարեանի ծոռնուհին է:

Աղջիկը, որ անցեալ տարի, ապրիլեան պատերազմի օրերուն աչքի ընկած էր իր դաւաճանական դրսեւորումներով ու համացանց տեղադրած է Թուրքիոյ դրօշը, աւարտած է Երեւանի թիւ 172 դպրոցը, տարիներ առաջ տեղափոխուած է ԱՄՆ եւ այժմ հոն թուրքի մը հետ կ’ապրի: Հակահայկական միտքեր արտայայտող այս աղջիկը գրող Նայիրի Զարեանի ծոռնուհին է:

Ափինեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ իր ղեկավարած «Հայ Գրողներու Միութիւն»ը այդ առթիւ բազմաթիւ նամակներ ստացած է եւ հրապարակած է այս մէկը: Արսէն Գրիգորեան. «Պարոն Ափինեան, որպէս հայ գրողներու միութեան նախագահ, արդեօք ճիշդ չէ՞ր ըլլար եթէ խօսէիք Նայիրի Զարեանի դաւաճանական գործունէութեան մասին... Քանի՜ հայ ականաւոր գրողներու ու բանաստեղծներու, իր իսկ ցուցումներով բանտ ուղարկած են ..ինչ ընտրակաշառքներու մասին կը խօսիք, կամ եթէ խօսիք, ապա քանի մը անուններ տուէք ..Ես` օրինակ մէջբերեցի Զարեան կոչեցեալին... Ինծի համար կարեւոր չեն անոր ստեղծագործութիւնները (թէեւ ունի գլուխգործոցներ)... Յարգելիներս մի զարմանաք, դաւաճանէն դաւաճան կը սերի ...Պարոն Ափինեան կը սպասեմ Ձեր պատասխանը ...»:

 

Ափինեան խոստացած է, որ այս հարցերու պատասխանը պիտի տայ Երեւանի Գրողներու միութեան յանձնաժողովը, «որովհետեւ մարդ ոչնչացնելու ժամանակ, Ստալինը բնաւ առանձին չէ աշխատած, ան նաեւ գործակիցներ ունեցած է Հայաստանի մէջ: Մոլախոտը առ այսօր մեր երկրէն արմատախիլ չէ եղած»,- ըսած է Ափինեան: