image

Անյապաղ վերաբանալ Լաչինի միջանցքը. ՄԱԿ-ի պաշտօնատար

Անյապաղ վերաբանալ Լաչինի միջանցքը. ՄԱԿ-ի պաշտօնատար

ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու գլխաւոր յանձնակատար Ֆոլքեր Թիւրք կոչ ուղղած է՝ անյապաղ եւ ամբողջութեամբ բանալու Լաչինի միջանցքը եւ ապահովելու ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժը:

Այս մասին գրուած է ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի Թուիթըրեան պաշտօնական էջին վրայ:

«Ուտելիքի, դեղորայքի եւ այլ հիմնական ապրանքներու եւ ծառայութիւններու անսահմանափակ հասանելիութիւնը էական նշանակութիւն ունի տուժած բնակչութեան կողմէ մարդու իրաւունքներու իրագործման համար», ըսուած է գրառման մէջ: