image

Աննա Յակոբեան մեկնած է Միացեալ Նահանգներ

Աննա Յակոբեան մեկնած է Միացեալ Նահանգներ

 

Երէկ գիշեր, Նիկոլ Փաշինեանի տիկին Աննա Յակոբեանը մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Այս մասին կը յայտնէ Hraparak.am-ը:

Ան ԱՄՆ մեկնած է 31 յունուարին, գիշերը ժամը 2:50-ին, «Քաթար» օդանաւային ընկերութեան Երեւան-Տոհա-Տոհա-Լոս Անճելոս թռիչքով:

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ ալ տեղեկութիւն տարածուած էր, որ Աննա Յակոբեանը դուստրերուն հետ մեկնած էր Մոսկուա, ուր նաեւ ճոխ ընթրիքներու մասնակցած էր՝ թանկարժէք խմիչքներ վայելելով: Աննա Յակոբեանի՝ Մոսկուա մեկնելու լուրը չէին հերքած անոր ընտանիքի անդամները՝ ըսելով, որ այն մասնաւոր այց եղած է: