Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլը 1 փետրուարին պիտ ընդունի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը. այդ մասին կը յայտնեն ՀՀ-ի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատունէն:
Դեսպանատունը մեջբերած է Դաշնային կառավարութեան խօսնակ Շթեֆէն Զայպերթի խօսքերը.
«Դաշնային վարչապետ Անկելա Մերքէլը 1 փետրուար 2019-ին՝ ուրբաթ, դաշնային վարչապետի նստավայրէն ներս զինուորական պատիւներով պիտի ընդունի Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
Յաջորդիւ նախատեսված է զրոյց՝ ճաշի սեղանի շուրջ, որու ընթացքին դաշնային վարչապետ Մերքէլն ու վարչապետ Փաշինեանը միտքեր պիտի փոխանակեն երկկողմ եւ տնտեսական յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութեան հարցերու շուրջ»:
«Մենք նոյնպէս դեսպանութենէն ներս հետաքրքրութեամբ եւ ուրախութեամբ կը սպասենք այս այցին»,-ասուած է դեսպանատան ֆէյսպուքեան էջին մէջ: