image

«Անհաւանական մարդասէրը». Գրեց՝ Զաւէն Խանճեան

«Անհաւանական մարդասէրը». Գրեց՝ Զաւէն Խանճեան

Նախօրօք գրած էինք  Ամերիկահայ յարգուած  բարերար Էտուարտ Աւետիսեանի տխուր մահուան մասին։

Նոյն օրակարգով  եւ որպէս վկայութեան խօսք «Արեւելք»ի ընթերցողներուն հետ կը կիսուինք Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական  Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն՝ Տիար Զաւէն Խանճեանի սրտի խօսքը հանգուցեալ Աւետիսեանին մասին։

«AMAA-ն պատիւ ունեցած է խորհուրդի անդամ եւ բարերար Էտուարտ Աւետիսեանի հետ անձամբ եւ հաստատութենական կերպով տեւականօրէն կապուած ըլլալու: Որպէս Աստծոյ խոնարհ ծառայ, մարդ եւ հայ՝ մենք կը նշենք այն պարգեւը, որ Աստուած տուած է մեր ժողովուրդին եւ մարդկութեան՝ յանձին Էտուարտ Աւետիսեանի: Անոր մեծութիւնը ոչ թէ մարդասիրութեան կամ ներդրողի այն հանճարի մէջն է, որ ան եղած է, այլ այն համեստ եւ անհաւանական մարդասէրին, որ Էտն էր: Մենք շատ պիտի կարօտնանք զինք, բայց կ'երդուինք շարունակել անոր ժառանգութիւնը այն լուսաւորուած երեխաներու սերունդներու միջոցով, որոնք կ'անցնին Էտի հիմնադրած, կամ անոր աջակցութիւնը վայելած հաստատութիւններու դարպասներով»: