image

Անցնող վեց ամիսներուն Ուքրանիոյ մէջ զոհուած է 1600 խաղաղ բնակիչ

Անցնող վեց ամիսներուն Ուքրանիոյ մէջ զոհուած է 1600 խաղաղ բնակիչ

ՄԱԿ-ի տուեալով՝ վերջին վեց ամսուան ընթացքին Ուքրանիոյ մէջ 6 հազար խաղաղ բնակիչ տուժած է, որոնցմէ 1600-ը սպաննուած։ Կազմակերպութեան Մարդկային իրաւանց գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակն ընդգծած է, որ իրականութեան մէջ զոհերու եւ տուժածներու թիւը կրնայ աւելի մեծ ըլլալ:

Աւելի վաղ ՄԱԿ-ը յայտնած էր, որ պատերազմի սկիզբէն ի վեր Ուքրանիոյ մէջ զոհուած է 8 հազար 317 խաղաղ բնակիչ, մօտ 14 հազար՝ վիրաւորուած:

Զեկոյցի համաձայն՝ արձանագրուած է աւելի քան 100 բժշկական եւ գրեթէ 180 ուսումնական հաստատութիւններու վնաս կամ աւերածութիւն։

ՄԱԿ-ի աշխատակիցները փաստագրած են ռուս զինուորականներու կողմէ 21 խաղաղ բնակիչի սպաննութիւն, ներառեալ՝ արտադատական մահապատիժներ, քաղաքացիական անձերու վրայ յարձակումներ: ՄԱԿ-ի առաքելութիւնն արձանագրած է նաեւ ռուս ռազմագերիներու սպաննութեան առնուազն 25 դէպք, եւս 15 ուքրանացի ռազմագերի սպաննած են ռուսաստանցի զինուորականները։

Ուքրանիոյ մարդկային իրաւանց յանձնակատար Տմիթրօ Լուպինեց քննադատած է ՄԱԿ-ի զեկոյցը։ Պաշտօնեան նշած է, որ Քիեւ կը ցանկայ կազմակերպութենէն փաստեր ստանալ ուքրանացիներու կատարած հնարաւոր խախտումներուն մասին։