image

ԱՄՆ-ն իր քաղաքացիներուն խորհուրդ կու տայ լքել Ուքրանիան

ԱՄՆ-ն իր քաղաքացիներուն խորհուրդ կու տայ լքել Ուքրանիան

2022 թուականի Յունուար 23-ին ԱՄՆ Պետատակն քարտուղարութիւնը հաւանութիւն տուած է Քիեւի մէջ ԱՄՆ պետական ծառայողներու դեսպանատունէն կամաւոր հեռանալու մասին որոշման եւ հրամայած է ԱՄՆ պետական ծառայողներու ընտանիքներուն լքել դեսպանատունը` Ռուսաստանի կողմէ ռազմական գործողութեան շարունակուող սպառնալիքին պատճառով:

«Ուքրանիոյ մէջ գտնուող ԱՄՆ քաղաքացիները պէտք է մտածեն մեկնելու մասին` օգտագործելով առեւտրային կամ մասնաւոր փոխադրութեան այլ տարբերակներ: 

Տեղեկութիւններ կան, որ Ռուսաստանը զգալի ռազմական գործողութիւններ կը ծրագրէ Ուքրանիոյ դէմ: Անվտանգութեան պայմանները, մասնաւորապէս` Ուքրանիոյ սահմաններուն երկայնքով, Ռուսաստանի կողմէ բռնագրաւուած Խրիմի եւ Ռուսաստանի կողմէ վերահսկուող Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ, անկանխատեսելի են եւ կրնան վատթարանալ առանց նկատառման», ըսուած է Պետական քարտուղարութեան հաղորդագրութեան մէջ: