image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ Գտնուող Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. պատարագած է Պոկա Ռատոն քաղաքին մէջ

  ԱՄՆ Գտնուող Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. պատարագած է Պոկա Ռատոն քաղաքին մէջ

 

Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ Թեմի Հայոց Առաջնորդ՝ Գերշ.  Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեան   օրերս կը գտնուէր  Միացեալ Նահանգներ։ Այդ առթիւ ալ Սրբազան հայրը Սուրբ Պատարագ մատուցած է  Պոկա  Ռատոն քաղաքին մէջ։

Նշենք նաեւ, որ տարիներ առաջ Գերշ. Տ. Նարեկ Սրբազան  նոյն քաղաքին մէջ ունեցած է հովուական ծառայութիւն։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ  Պրազիլիոյ Թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

Օրերս Պրազիլիոյ  Հայոց Թեմի առաջնորդ Գրշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեանհանդիսապետեց ԱՄՆ Բոկա Ռատոն քաղաքի Սուրբ Դւվիթ եկեղեցւոյ մէջ  մատուցուած պատարագը, ուր նաեւ  տասը տարի մատուցել էր ծաւալուն հովուական ծառայութիւն: 

Սրբազան հայրը ներկայ հաւատացեալներուն  փոխանցեց նաեւ  օրուայ  պատգամը՝ մաղթելով ապրիլ  եւ գործել Տիրոջ կողմէ ուսուցանուած գաղափարներով: