image

Ամերիկահայութիւնը Արցախի Եւ Հայաստանի Համար Քոնկրէսէն Յաւելեալ Նիւթական Օժանադակութիւններ Պահանջեց

Ամերիկահայութիւնը  Արցախի Եւ Հայաստանի Համար  Քոնկրէսէն Յաւելեալ Նիւթական Օժանադակութիւններ Պահանջեց

ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբի իրաւական հարցերու տնօրէն Րաֆֆի Քարաքաշեանը ԱՄՆ քոնկրէսին մէջ հայկական հարցերու խումբի ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ այլ քոնկրէսականներու եւ սենաթորներուն  ներկայացուցած է 2017-ի ԱՄՆ կողէ տրամադրուող արտաքին օգնութեան շրջանակներուն մէջ աﬔրիկահայ համայնքի առաջնահերթութիւնները:

Ինչպէս կը տեղեկացուի, քննարկման ընթացքին հայկական հարցին վերաբերեալ յատկացումներուն համար ներկայացուած են 7 հիﬓական առաջարկներ: Առաջարկներէն առաջինը այն էր, որ ԱՄՆ կողմէ ﬕջազգային զարգացման համար յատկացուող գումարներէն 5 ﬕլիոն տոլար տրամադրուի Լեռնային Ղարաբաղին՝ Ստեփանակերտի մէջ պարոնուհի Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնի զարգացման համար: Այնուհետեւ առաջարկուած է նաեւ լիովին կասեցնել Պաքուին տրամադրուող որեւէ ռազմական օգնութիւն, ﬕնչեւ որ Ազրպէյճանը առաջնագիծէն ետ չքաշէ դիպուկահարներն ու ծանր հրետանիները, եւ՝ չիրականացնի Էնգել-Ռոյս նախագծի ներկայացուած քայլերը: Երրորդ առաջարկը եղած էր 40 ﬕլիոն տոլար տնտեսական օժանդակութիւն տրամադրել Հայաստանին, որ նպատակաուղղուած ըլլայ երկու երկրներու ﬕջեւ առեւտուրի եւ ներդրումային ոլորտներու զարգացման: Բացի այդ, առաջարկուած է յաւելեալ 10 ﬕլիոն տոլար տրամադրել՝ Հայաստանի մէջ գտնուող սուրրիահայերու խնդիրներու լուծման նպատակով:

Առաջարկներէն մէկն ալ առընչուած էր Վրաստանին տրամադրուող օժանդակութեան, որու 10 տոկոսը պիտի տրամադրուի Սամցխէ Ջաւախքի մէջ աշխատատեղերու ստեղծման օգնութեան: Վերջին երկու առաջարկները եղած են` խստացնել 1992-ին Ազատութեան աջակցման աքթի 907 մասը, որ կ'առընչուի ԱՄՆ-ի կողմէ Ազրպէյճանին տրամադրուող օգնութեան արգելման եւ, վերջ դնել ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացէն Արցախի ժողովուրդի եւ իշխանութիւններու ﬔկուսացման: