image

Ամերիկահայութիւնը Արցախի Եւ Հայաստանի աջակցութեան համար պիտի դիմէ Թրամփին

Ամերիկահայութիւնը  Արցախի Եւ Հայաստանի աջակցութեան համար պիտի դիմէ Թրամփին

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ ամերիկահայութեան, որ Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահ Տանըլտ Թրամփին դիմէ, Հայաստանին եւ Արցախին աջակցութիւն ապահովելու նպատակով։

Այս նպատակին համար, Հայ Դատի կայքին վրայ պատրաստուած է Սպիտակ տան ուղարկուելիք նամակ մը, որուն մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնուին ամերիկահայութիւնը յուզող հարցեր, ներառեալ՝ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու սերտացում, Արցախի անկախութեան եւ ապահովութեան երաշխաւորում, ինչպէս նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում:

Այս նամակէն օրինակ մը յղելու համար, այցելել anca.org/trump կայքը:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան կը շեշտէ, թէ այժմ ժամանակն է գործնական քայլեր առնելու այն հարցերուն ուղղութեամբ, որոնք կը մտահոգեն ամերիկահայութիւնը: