image

Ամերիկացի դիւանագէտներ դուրս պիտի գան Քիեւէն

Ամերիկացի դիւանագէտներ  դուրս  պիտի գան Քիեւէն

ԱՄՆ-ի Պետական բաժանմունքը հրահանգած է երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ տարհանել Ուքրանիոյ մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանատան դիւանագէտներու ընտանիքները, յայտնած է FoxNews-ի լրագրողներէն մէկը, հաղորդած է ԹԱՍՍ։

«Պետական բաժանմունքը հրահանգած է երկուշաբթի օրուընէ սկսիլ Ուքրանիոյ մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանատան աշխատակիցներու ընտանիքներու տարհանումը երկրէն», գրած է ան Թուիթըրի իր էջով։

Անոր խօսքով՝ այս տեղեկութիւնը պաշտօնատար անձեր յայտնած են ։