image
Հրատապ լուրեր:

Ամենայն Հայոց կաթողիկոս՝ Գարեգին Բ. տեսակցած է Արմէն Չարչեանին հետ

 Ամենայն Հայոց կաթողիկոս՝ Գարեգին Բ. տեսակցած է Արմէն Չարչեանին հետ

Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. երէկ՝ 1 սեպտեմբերին, այցելած է «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի նախկին տնօրէն՝ Արմէն Չարչեանին: Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց փաստաբան՝ Էրիկ Ալեքսանեան։

«Հանդիպումը տեւել է մօտ մէկ ժամ»,- նշեց փաստաբանը։

Յիշեցնենք, որ ՀՀ վերաքննիչ քրէական դատարանը 23 Օգոստոսին Չարչեանը գրաւի դիմաց ազատ արձակելու որոշման դէմ դատախազութեան բողոքը բաւարարած էր։ Դատարանի որոշումէն յետոյ Արմէն Չարչեանը սեփական նախաձեռնութեամբ գացած էր քրէակատարողական հիմնարկ, ապա՝ կալանաւորուած։ 30 Օգոստոսին յայտնի դարձաւ, որ Չարչեանի առողջական վիճակը վատթարացած է, ու ան փոխադրուած է քաղաքացիական հիւանդանոց։

Նշենք նաեւ, որ Արմէն Չարչեանի հետ տեսակցած էին նաեւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւորներ՝ Տարօն Մարգարեանը եւ Թագուհի Թովմասեանը։