ԱՀԱԸ-ի բարձր հովանաւորութեամբ գործող «Աւետիսեան վարժարան»ը Արցախի վերջին դէպքերէն ետք իր դռները բացած է տեղահանուած պատանիներու։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ ԱՀԱԸ-ի կողմէ տարածուած հաղորդագրութեամբ, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
2023-2024 ուսումնական տարուան AMAA-ի Աւետիսեան դպրոցին մէջ ուսում ստացող 800 աշակերտէն 40-ը սեպտեմբեր 17-էն սկսեալ՝ բռնի տեղահանուած են Արցախի Ստեփանակերտ, Մարտունի քաղաքներէն, ինչպէս նաեւ Ճարտար, Հաթերք եւ Խնուշինակ գիւղերէն։
1-12-րդ դասարաններու ուսանող արցախցի աշակերտներու համար կը ստեղծուին բոլոր պայմանները՝ կրթօճախի նոր միջավայրի մէջ համարկուելու եւ բարձրորակ ուսում ստանալու համար։ Անոնց հետ կ՚աշխատի դպրոցի հոգեբանը։ Կրթօճախը տեղահանուած աշակերտներուն օժանդակած է գրենական պիտոյքներու եւ դասագիրքերու ձեռքբերման հարցերով: Եւս 4 արցախցի երեխայ ընդգրկուած է Աւետիսեան կրթահամալիրի մանկապարտէզին մէջ:
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան (AMAA) Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան դպրոց եւ համայնքային կեդրոնը կրթական հաստատութիւն է, որ կը տրամադրէ 12-ամեայ բարձրորակ, համակողմանի եւ անվճար կրթութիւն։
Դպրոցի շէնքի ժամանակակից ճարտարապետութիւնը կը դիւրացնէ եւ կը բարելաւէ ուսումնական գործընթացը։ Կրթահամալիրն արժանացած է «LEED Արծաթ» հաւաստագրի՝ որպէս բնապահպանական պահանջներուն համապատասխանող նախագիծ եւ տարածաշրջանին մէջ նման եզակի կառոյցներէն մէկը։
Նորագոյն արհեստագիտութիւններով յագեցած այս դպրոցը կ՚աջակցի Երեւանի Հարաւ-արեւմտեան թաղամասի՝ գլխաւորապէս ցած եկամուտ ունեցող համայնքին։
AMAA-ի առաքելութիւնը հասարակութեան խոցելի խումբերուն անհրաժեշտ գործիքակազմով զինելն է՝ դառնալու բազմակողմանի զարգացած քաղաքացիներ եւ իրացնելու սեփական ներուժը։
Վերջին չորս տարիներու ընթացքին կրթահամալիրի աւագ դպրոցն ունեցած է 111 շրջանաւարտ, որոնց 100%-ը կրթութիւնը շարունակած է երկրի առաջատար համալսարաններուն մէջ։
Արցախէն տեղահանուած աշակերտներու հոսքը Աւետիսեան դպրոց կը շարունակուի։
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւն