image

Ակնարկ. Թիւերով Ականապատումը

Ակնարկ. Թիւերով Ականապատումը

 

Պրիւքսելեան հանդիպումներէն կարելի է արձանագրել քանի մը կէտ:

Նախ այն, որ Պրիւքսելի միջնորդութեամբ ընթացող բանակցութիւնները կը վերականգնուին այս ձեւով: Ազրպէյճանը, փաստօրէն դէմ ըլլալով Փարիզի միջնորդական մասնակցութեան, առկախած էր քառակողմ ձեւաչափը, որմէ ետք ընդհանրապէս սառած էր նաեւ պրիւքսելեան միջնորդութիւնը: Ազրպէյճանական արգելքը վերցուած է փաստօրէն, որովհետեւ Պրիւքսելի վերագործարկումով չ՛աւարտիր այս նոր գործընթացը: Յայտարարուած է արդէն, որ շուտով Քիշնեւի մէջ կը հանդիպին կողմերու առաջին դէմքերը. Միշելի առընթեր` Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի առաջին դէմքերու ներկայութեամբ: Պարզ է, որ Փարիզի դէմ ազրպէյճանական արգելքը վերցուած է:

Նկատենք, որ Ազրպէյճանի ուղղութեամբ պաշտօնական Փարիզը փոփոխութիւն բերած էր իր յայտարարութիւններուն մէջ: Վերջին շրջանին յայտարարութիւններու փոխադարձ հաւասարակշռման վարքագիծը ինքզինք զգալի կը դարձնէր:

Ֆրանսայի հռետորաբանութեան փոփոխութեամբ պայմանաւորուած չէ սակայն Պրիւքսելի վերագործարկումը եւ Ֆրանսայի վերադարձը: Պրիւքսելը փոխկապակցուած է Ուաշինկթընին, համաձայնեցուցած` անոր հետ, եւ ամերիկեան ճնշումով է, որ կը վերստանձնէ միջնորդական առաքելութիւն: Արլինկթընեան հանդիպումները ընդգծեցին ամերիկեան ներգրաւուածութեան աստիճանաչափը եւ նախապատրաստեցին Պրիւքսելի հանդիպումը: Պլինքընը պարզ դարձուց, որ իր պետութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ եւ մասնակցիլ խաղաղութեան գործընթացին: Միշելը յայտարարեց մօտաւորապէս նոյնը. տեղի պիտի ունենան իրերայաջորդ հանդիպումներ նոյն ձեւաչափով: Միշելի բառերով «մենք պայմանաւորուած ենք պրիւքսելեան հանդիպումներ կայացնել այնքան յաճախ, որքան անհրաժեշտ է»:

Համադրուած այս բեմագրութիւնը  ըստ էութեան ունի ուղղակի ուղերձ նախ Մոսկուային: Նոյեմբերեան համաձայնութեան միջնորդը առանձինը պիտի չշարունակէ խաղաղութեան պայմանագիրի հասնելու գործընթացը:

Հիմա տեսնենք, թէ ի՛նչ նորութիւն բերաւ Պրիւքսելը: Միշելի յայտարարութիւնը կը յատկանշուի քանի մը առանցքով:

Պրիւքսելի վերագործարկման եւ Փարիզի մասնակցութեան արգելքի վերացման դիմաց Պաքուն պէտք է ստացած ըլլայ որոշ երաշխիքներ: Աւելի՛ն. եթէ պահուող անձերու տունդարձը շաբաթներու հարց է, ապա իր պահանջած գինը պէտք է ստացած ըլլայ Պաքուն:

Տարածքային ամբողջականութիւններու փոխճանաչումը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ Ալմա Աթայի հռչակագիրին հիմամբ տեղ գտած էր դարձեալ պրիւքսելեան նախաձեռնութեամբ հոկտեմբեր 2022-ին փրակեան հանդիպման հետեւած յայտարարութիւններուն մէջ: Այդ փոխճանաչումի հիման վրայ պիտի իրականանային սահմանազատման եւ սահմանագծման գործողութիւնները:

Ազրպէյճանը յայտնապէս չէր բաւարարուած այս յայտարարութեամբ: Հիմա տարածքներու յստակ թիւեր գրանցուած են: Ազրպէյճանի 86.600 քառ.  քմ-ի սահմաններուն մէջ պիտի ճշդուին Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ իրաւունքի հարցերը:

Առանց 86.600 քառ. քմ նշումին, ո՛չ ՄԱԿ-ին, ո՛չ ալ Ալմա Աթային յղում կատարելը կ՛ենթադրէր ընդունիլ Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ: ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան մէջ տարածքային ամբողջականութիւնն ու ազգերու ինքնորշման իրաւունքը իրար հակասող յօդուածներ չեն, իսկ Խորհրդային Միութեան կազմաքանդումը ազդարարած Ալմա Աթայի հռչակագիրի ընդունումէն առաջ Արցախը արդէն անկախացած էր: Տակաւի՛ն. հայկական կողմը իր վերապահութիւնը ներառել տուած էր այն կէտին, որ կ՛ըսէր, թէ ԱՊՀ-ի անդամ կրնան դառնալ նաեւ այլ պետութիւններ: Հայկական ներկայացուցչութեան առաջարկով ձեւակերպուեցաւ` «ինչպէս նաեւ մինչ Ալմա Աթայի հռչակագիրը հանրաքուէով անկախացած  միաւորներ (սուբիեկտներ)»:

Այս բոլորին վրայ կարելի է աւելցնել նաեւ այն, որ Ազրպէյճանը ստորագրած էր հռչակագիրը, սակայն չէր վաւերացուցած, եւ` Պաքուն ոչ թէ ԱՊՀ-ի անդամակցութիւնը վաւերացուցած էր, այլ ԱՊՀ-ի կանոնադրութիւնը. կամ` մուսաւաթական Ազրպէյճանի ժառանգորդ յայտարարած Ազրպէյճանը ժառանգորդն է  նաեւ այդ օրուան Ազրպէյճանի սահմաններուն, որոնք 86.600-ին հետ կապ չունին: Նման իրաւական այլ փաստացի ուղիներ եւս կային, որոնց վրայ յենելով Արցախը Ազրպէյճանի կազմէն դուրս կը նկատուէր:

Թուանշաններու ամրագրումը կը փակէ այդ ուղիները: Երեւանը չի կրնար ստորագրել որեւէ փաստաթուղթ, որ կը հակասէ թէ՛ Սահմանադրութեան նախաբան նկատուող Անկախութեան հռչակագիրին,  եւ թէ՛ 1992-ի Գերագոյն խորհուրդի որոշումին:

«Ա.»