image

Փաշինեան անվտանգութեան ուժերու մեծ թիւերով այցելած է «Յաղթանակ»ի զբօսայգի (Տեսանիւթ)

Փաշինեան անվտանգութեան ուժերու մեծ թիւերով այցելած է «Յաղթանակ»ի զբօսայգի  (Տեսանիւթ)

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր՝ Մայիս 9-ին «Յաղթանակ» զբօսայգի ժամանած է ուժեղացուած անվտանգութեան ուղեկցութեամբ: Սկիզբը Յաղթանակի զբօսայգի ժամանեց 6 ոստիկանական ինքնաշարժ, որոնց հետեւած է վարչապետի շարասիւնը՝ 5 ինքնաշարժով:

Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ նախագահին, Ազգային ժողովի նախագահին, կառավարութեան անդամներուն, ՔՊ-ական պատգամաւորներու ուղեկցութեամբ վաղ առաւօտեան այցելած է նաեւ «Եռաբլուր» պանթէոն: Այնտեղ լրագրողներուն թոյլ չեն տուած մօտենալ ու լուսաբանել վարչապետին այցը: «Յաղթանակ» զբօսայգիին մէջ եւս փակած են այգիին մուտքը եւ թոյլ չեն տուած ներս մտնել ոչ միայն լրագրողներուն, այլեւ՝ հասարակ քաղաքայիններուն: