image
Հրատապ լուրեր:

Ահմատ Տաւութօղլու. «Միակ Լուծումը Արտակարգ Ընտրութիւններն Են»

Ահմատ Տաւութօղլու. «Միակ Լուծումը Արտակարգ Ընտրութիւններն Են»

 Թուրքիա- («Եէնի Շաֆաք»- Թուրքիա)Թուրքիոյ վարչապետ  Ահմատ Տաւութօղլու  AKP     կուսակցութեան կեդրոնատեղիէն ներս   մամլոյ ասուլիս մը տալով յայտնեց, որ   երկիրը  առկայ վիճակէն դուրս հանելու միակ ձեւը       խորհրդարանական   կանխահաս ընտրութիւններ  կայացնելն  է: Այս մասին հաղորդեց «Եէնի Շաֆաք» պարբերականը-, որ նաեւ ըսաւ, թէ   ըստ Տաւութօղլուի անցնող    7  Յունիսի ընտրութիւններէն  ասդին   իշխող կուսակցութիւնը  փորձած  է  ամէն գնով    համաձայնական «գօալիսիոն» կառավարութիւն մը կազմել բայց չէ  յաջողած:   Ըստ Թուրքիոյ վարչապետին իշխող  կուսակցութիւնը  հակառակ անոր, որ չէ կրցած     կառավարութիւն մը կազմելու  բաւարար  մեծամասնական աթոռները գրաւել բայց հերթական անգամ AKP-ն յաջողած է     ընտրութիւններէն դուրս գալ, որպէս   ամէնէն ուժեղ կուսակցութեան վարկանիշ  ունեցող   կուսակցութիւն: Նշենք, որ թրքական աղբիւրներ աւելի վաղ հաղորդած էին, որ      AKP   եւ CHP      կուսակցութիւններուն միջեւ   համաձայնական կառավարութիւն մը կազմելու  առընթեր    տարուող բանակցութիւնները  մատնուած էին ձախողութեան: