image

30 Տարուան նուիրում եւ ծառայութիւն. Լրացաւ Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեանի քահանայութեան ձեռնադրութեան 30-ամեակը (Տեսանիւթ)

30  Տարուան   նուիրում եւ ծառայութիւն. Լրացաւ  Գերշ. Տ. Նարեկ եպս.   Պէրպէրեանի  քահանայութեան  ձեռնադրութեան 30-ամեակը (Տեսանիւթ)

Օրերս իր լրումին հասաւ  Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեանի  քահանայական  ձեռնադրութեան   30-ամեակը։

Այս առթիւ   պատրաստուած է   կարճ տեսանիւթ մը, որ լոյսին կը բերէ Սրբազան Հօր  անցած ճանապարհը, անոր ծաւալած կրօնական-ազգային  գործունէութիւնը ու նաեւ այսօր  Պրազիլիոյ Հայոց Թեմը ձեռնհասօրէն հովուելու  եղելոյթը։

Տեսանիւթին մէջ իր սրտի խօսքը ըսած է ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի  նախկին Առաջնորդ եւ ներկայիս Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ  Մայր Աթոռ  Սուրբ Էջմիածնի յատուկ պատուիրակ  Գերշ. Տ.  Խաժակ արք.    Պարսամեան, որ մասնաւորապէս  ըսած է ՝

«Նարեկ Սրբազանը ինծի համար շատ սիրելի հոգեւորական է, իմ առաջին ձեռնասուն է, իմ եպիսկոսպոս ձեռնադրութենէն ետք, Նարեկ  Սրբազան առաջինը եղաւ, որ իմ կողմէ Նիւ Եորքի Ս. Վարդան Մայր տաճարին մէջ իբրեւ կուսակրօն հոգեւորական ձեռնադրուեցաւ: Անշուշտ իբրեւ ձեռնադրող եպիսկոպոս, իմ կամ ինչպէս բոլոր ձեռնադրող եպիսկոպոսներու փափաքն է, որ անոնք, որոնք կը ձեռնադրուին դառնան իսկապէս ճշմարիտ աշակերտները, առաքեալները Քրիստոսին, նաեւ մեր սրբազան հայրերուն եւ հայրապետներուն: Ես ուրախ եմ, որ Նարեկ Սրբազան, արժեւորեց այս անցնող տարիներու ընթացքին իր հոգեւոր կոչումը: Ինք Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս կատարեց զանազան հովուական եւ նաեւ վարչական պաշտօններ, եւ ուրախ եմ, որ իր այդ հովուական եւ վարչական պաշտօններու ընթացքին նաեւ Սրբազանը շարունակեց  իր բարձրագոյն ուսումը ստանալով երկու մագիստրոս աստիճաններ, նաեւ դոկտորայի աստիճաններ:

Երբ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը զինք նշանակեց Պրազիլիոյ թեմի փոխ առաջնորդ, կը յիշեմ թէ ինչպէս իր համայնքի հաւատացեալները դժգոհ էին, ուրախ չէին: Մէկ կողմէ ուրախ էին, որ իրենց հայր սուրբը առաջնորդ պիտի ըլլայ, բայց միւս կողմէ ուրախ չէին, որ իրենց համար սիրելի եւ աշխոյժ հայր Նարեկը իրենցմէ պիտի հեռանայ: Այո, հայր Նարեկը գնաց Պրազիլ եւ մէկ տարուան ընթացքին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի կողմէ ձեռնադրուեցաւ եպիսկոպոս եւ նշանակուեցաւ իբրեւ առաջնորդ:        

 

Իր հովուական ծառայութեան ընթացքին, ես կը յիշեմ, որ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, ինք երբ իր ծառայութիւնը կը շարունակէր, եկեղեցւոյ խորանը լեցուն կ'ըլլար երիտասարդ դպիրներով, կիսասարկաւագներով, սարկաւագներով: Սրբազանը ունի այդ շնորհքը մեր երիտասարդ սերունդը գրաւելու եւ իրենց դէպի եկեղեցի, դէպի Աստուած, եւ դէպի եկեղեցւոյ մէջ ծառայութեան առաջնորդելու:

Իրեն երկար, առողջ, բեղմնաւոր տարիներ կը մաղթեմ, նաեւ կը շնորհաւորեմ Պրազիլիոյ հայաստանեայց եկեղեցւոյ մեր բոլոր հոգեւոր եւ նաեւ աշխարհական սպասաւորները ըսելով, թէ սիրելինե՛ր, դուք բոլորդ ալ բաղդաւոր էք, որ Նարեկ Սրբազանի նման հոգեւոր առաջնորդ մը ունիք:» 

 

«Արեւելք»ի ողջ խմբագրութեան  կողմէ    շէնշող տարիներ եւ բեղուն առաքելական  ճշմարիտ   գործունէութիւն կը մաղթենք  Գերշ. Տ. Նարեկ  Սրբազան հօր ու կ՚արձանագրենք՝   Աստուած Օգնական Սրբազան Հայր։