image

26 օրուան հացադուլէն ետք Պօղոսեան նաեւ ջրադուլ յայտարարած է

26 օրուան հացադուլէն ետք Պօղոսեան նաեւ ջրադուլ յայտարարած է

«Հիմնադիր Խորհրդարան»ի առաջնորդ Ժիրայր Սեֆիլեանի գործով կալանաւորուած Ներսէս Պօղոսեանին պաշտպանը՝ Արայիկ Պապիկեան «MAMUL.am»ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին տեղեկացուցած է, որ 26 օրուան հացադուլէն ետք իր պաշտպանեալը որոշած է նաեւ ջրադուլ յայտարարել: 

«Երէկ եմ տեսակցել նրան, փորձեցի համոզել, որ դադարեցնի հացադուլը, բայց ապարդիւն: Բաւականին հիւծուած վիճակում է: Նոյնիսկ երկար չկարողացանք խօսել»,- ըսած է Պապիկեան` աւելցնելով, որ իր պաշտպանեալը կը գտնուի բժիշկներու հսկողութեան տակ: Պաշտպանին խօսքով, միակ ելքը այն է, որ վարոյթ իրականացնող մարմինը սեփական նախաձեռնութեամբ փոխէ խափանման միջոցը՝ չհեռանալու մասին ստորագրութեամբ  կամ գրաւի դիմաց ազատ արձակէ: