Լիբանանահայ երիտասարդ Ժագ Նորաշխարհեան խեղդամահ եղած է Ժըպէյլ շրջանի ծովափին մէջ: «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ Ժագն ու անոր 4 ընկերները նեղ դրութեան առջեւ յայտնուած են Ժըպէյլի ծովափի ջուրերուն մէջ, եւ Ժագ, երկար ժամանակ դիմադրելէ ետք խեղդամահ եղած է, մինչ անոր ընկերները յաջողած են ափ հասնիլ: Նշենք, որ Ժագ 21 տարեկան է եւ անոր յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուին այսօր՝ յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին Պուրճ համուտի Սրբոց Վարդանաց եկեղեցւոյ մէջ: