image
Հրատապ լուրեր:

2023-ին Մարդկութիւնը կլիմայական ցնցումներու կ՚առերեսուի

2023-ին Մարդկութիւնը կլիմայական ցնցումներու կ՚առերեսուի

Ջրային միջավայրի մշտադիտարկման միջազգային ընկերակցութեան կլիմայագէտներն անդրադարձած են մոլորակի վրայ եղանակային ծայրայեղ պայմաններ պատճառող գործօններուն։

Կազմակերպութեան զեկոյցէն կը հետեւցուի, որ համաշխարհային տաքացման ազդեցութիւնը զգալի ազդեցութիւն ունի բնութեան մէջ ջուրի շրջապտոյտին վրայ, ինչ որ կրնայ յանգեցնել աղէտալի հետեւանքներու, գրած է «ՌԻԱ Նովոստի» լրատուական գործակալութիւնը՝ վերլուծելով ներկայացուած փաստաթուղթերը։ 

Ընդհանուր առմամբ, Երկրի վրայ ջուրի քանակը հաստատուն է, սակայն թարմ, աղի եւ մթնոլորտային, ինչպէս նաեւ սառոյցի յարաբերակցութիւնը կախուած է կլիմայէն։ Համաշխարհային կլիման կախուած է ջուրի համաշխարհային շրջանառութենէն։ Ակնառու օրինակներ են փերուական հոսանքը եւ Էլ Նինիոյի (տաք ջուրի երեւոյթ՝ ովկիանոսին մէջ) բնական երեւոյթը։

Զեկոյցի հեղինակները նշած են, որ 2022 թուականին ջերմաստիճանի բարձրացման եւ խոնավութեան նուազման միտումը շարունակուած է, ուստի Հնդկական ովկիանոսի հիւսիս-արեւելքին մէջ կը գերակշռեն անկանոն տաք ջուրերը։ Սա Հարաւային Ասիոյ տաք եղանակի պատճառ դարձած է, Փաքիստանի եւ Աւստրալիոյ՝ ջրհեղեղներու։

Իսկ ամառուան ծայրայեղ շոգը Եւրոպայի եւ Չինաստանի մէջ սրած է երաշտը Ամերիկա ցամաքամասի եւ երբեմն փոթորիկները Աթլանթեան ովկիանոսին մէջ: Անցնող ամրան Ռուսիոյ եւրոպական մասին մէջ անսովոր շոգ ու չոր էր։ 2023 թուականին կլիմայագէտներ կ'ակնկալեն եղանակային պայմաններու մեղմացում։

Գիտնականներու եզրակացութիւններուն համաձայն՝ ճգնաժամի գագաթնակէտն անցած է, սակայն նորմալ վերադարձը պիտի ընթանայ սահուն, աստիճանաբար։ Ձմեռը, գարունը եւ ամառը բազմաթիւ եղանակային անակնկալներ պիտի բերեն։ Երկրագունդի վրայ դեռեւս կան բազմաթիւ սադրիչ գործօններ, եւ դժուար է կանխատեսել, թէ առաջիկայ տարիներուն անոնցմէ որ մէկը առաջին ծրագիր պիտի մղուի։