image

2021-ը Դժուար տարի, թէժ գիծեր եւ ... ակնկալութիւններ.Սահակ Անտէքեանի մեկնաբանութիւնը

2021-ը Դժուար  տարի, թէժ գիծեր եւ ... ակնկալութիւններ.Սահակ Անտէքեանի  մեկնաբանութիւնը

Ինչպիսի տարի մը պիտի ըլլայ  2021-ը. հայութեան համար առանձքային թղթածրարներուն   առընթեր ինչ զարգացումներու սպասենք։

 Այս  բոլորին մասին իր մեկնաբանութիւնը ներկայացուց  Ամերիկա հաստատուած եւ արմատներով լիբանանահայ քաղաքագէտ  Սահակ Անտէքեան։

Ստորեւ  «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը  ներկայացնենք   քաղաքագէտին մեկնաբանութիւնները։

 

 

            2021-ը բաւական դժուար տարի մը պիտի ըլլայ, որովհետեւ 2020-ին յառաջացած  շատ մը հարցեր լուծում չեն գտած եւ  որոշ չափով  պիտի  շարունակուին 2021-ին:

            Կան կարգ մը  կարեւոր  մարտահրաւէրներ:

            Սկսելով Ամերիկայի ներքին իրավիճակէն՝ պիտի նայինք, թէ Թրամբը պիտի ընդունի՞ նախագահական ընտրութիւններուն իր պարտութիւնը եւ պիտի յանձնէ՞ աթոռը Պայտընին, քանի որ, ինչպէս տեսանք, Թրամբ ամէն տեսակ միջոց, առիթ կամ սահմանադրական զէնք չգործածեց այդ արդիւնքները չեղարկելու  համար:

            Ինչ կը վերաբերի Միջին Արեւելքին, այստեղ դէպքերու հնարաւոր զարգացման վրայ մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենայ այն, թէ  ի՛նչ   պատկեր պիտի ստանայ  ԱՄՆ-Իրան  լարուածութիւնը, նամանաւանդ միջուկայինի համաձայնութեան եւ շրջանային խաղաղութեան ծիրէն ներս, քանի որ, ինչպէս գիտենք, Պարսկաստան ազդեցիկ ուժ  է Միջին Արեւելքի՝ Սուրիոյ, Լիբանանի, Եմենի, Պաղեստինի եւ Իրաքի մէջ:

             2021-ի մարտահրաւէրներէն մէկն է նաեւ Սուրիոյ ներքին  պատերազմը, որ սկիզբ առաւ 2011-ին, եւ հարցական է, թէ Ամերիկայի նախագահի վերաբերումը ի՛նչ պիտի ըլլայ Սուրիոյ հանդէպ:

            Միջին Արեւելքի մէջ կայ երրորդ առեղծուած մը, որ է Լիբանանի տնտեսական տագնապը, որ կը շարունակուի մէկ տարիէ ի վեր:   Եթէ քաղաքական համայնքային վարչակարգը չփոխուի, ենթադրելի է, որ  նոյն դժուարութիւնները   շարունակուին եւ  Լիբանան, դժբախտաբար, յայտնուի  աւելի վատ  պայմաններու մէջ:

            Գալով Արցախի եւ Հայաստանի, այստեղ ալ ներքին  անկայուն  իրավիճակի մը ականատեսը կրնանք ըլլալ։  Ինչ կը վերաբերի Արցախին, կը կարծեմ, թէ դժուար տարի մը պիտի ըլլայ, մինչեւ որ ժողովուրդը հասկնայ, թէ ի՛նչ պատահեցաւ Արցախին, բայց այդ չի նշանակեր, թէ վերջնակէտ մը դրուեցաւ անոր:  Այստեղ   կ՚ուզեմ մէջբերել Էմմանուէլ Քանթի  խօսքը. «Որեւէ խաղաղութիւն, որ կը  պարտադրուի, կրնայ ապագային  դարձեալ   պատերազմի դուռ   բանալ։ Արցախի գծով հայերը պարտին նորէն  պատրաստուիլ յաջորդ փուլին, որուն համար   հայութիւնը իր առջեւ ունի յառաջիկայ  4  տարիները՝ թէ՛ Հայաստանի եւ  թէ՛ Սփիւռքի մէջ պատրաստուելու եւ ... վերջնական յաղթանակ տանելու համար»։