image

Ուաշինկթըն. «Տահէշ» գաղտնի շարժումի կրնայ վերածուիլ

Ուաշինկթըն. «Տահէշ» գաղտնի շարժումի կրնայ վերածուիլ

ԱՄՆ Ազգային կեդրոնի տնօրէն Նիք Ռասմոսըն զգուշացուցած է, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ «Տահէշ»ի կրած պարտութիւնները վերջ չեն տար ծայրայեղական խմբաւորման ունեցած  ընդհանուր սպառնալիքին:

 

Ռասմոսըն նաեւ  ըսած է,  «Տահէշ» կազմակերպութիւնը՝  պատերազմի գետնին վրայ իր դիրքերը կորսնցնելէ ետք,  կրնայ վերածուիլ    ընդհատակեայ  շարժումի մը եւ շարունակէ յարձակումներ իրականացնել  տարբեր երկիրներու մէջ:

 

 Ան  նաեւ շեշտած է, որ «ոչ մէկ ուղղակի կապ կայ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ անոր կրած պարտութիւններուն եւ դուրսի յարձակումներուն միջեւ» նկատել  տալով, որ «կազմակերպութեան համաշխարհային հասանելիութեան կարողութիւնը կը մնայ անփոփոխ, ան կը շարունակէ իրեն հետեւորդներ անդամագրել եւ պատրաստ է   նոր յարձակումներ կազմակերպելու»: