image

Ուահապ Հարիրիի մասին տեղեկութիւններ կը բացայայտէ

Ուահապ Հարիրիի մասին տեղեկութիւններ կը բացայայտէ

Լիբանանցի քաղաքական գործիչ Ուիամ Ուահապ    լիբանանեան «Ալ ժատիտ»   կայանէն սփռուող  քաղաքական     Talk-show    յայտագրի մը ընթացքին նշած է, որ այն, ինչ կը կատարուի շատ աւելի վտանգաւոր է, քան իւրաքանչիւր անձ կը պատկերացնէ, աւելցնելով, որ Հարիրի համարձակ է, ու նախքան Սէուտական Արաբիա մեկնիլը բարձրաստիճան պաշտօնեաներու յայտնած է, որ հեռախօսազանգ մը ստացած է եւ պէտք է մեկնի Սէուտեան Արաբիա:

Ուահապ նշած է նաեւ, որ Հարիրի բանակցութիւններ կը վարէր «Հըզպալլա»ի եւ այլ խմբաւորումներու հետ, որոնց հաւաստիացուցած էր, որ Սէուտական  Արաբիա չի կրնար ճնշում բանեցնել իր վրայ:

«Ես չեմ ըսեր, որ Հարիրի այս պահուն բանտարկուած է, սակայն կ'ըսեմ, որ ան իր յօժար կամքով չի գտնուիր Ռիատի մէջ»,- ըսած է Ուահապ, աւելցնելով. «Սէուտական  Արաբիոյ մէջ օրեր առաջ տեղի ունեցածը յեղաշրջում էր, եւ Հարիրի անոր մէկ մասնիկն է»:

Լիբանանցի քաղաքական գործիչը բացայայտած է նաեւ, որ ըստ իր կողմէ ձեռք բերուած տուեալներուն, ներկայիս ջանքեր կը գործադրուին, խնդիրը ֆրանսա-ամերիկեան միջնորդութեամբ լուծելու համար:

Ուահհապի կարծիքով, Լիբանանի նախագահը պէտք է խորհրդակցութիւններու նիստ գումարէ, նկատի ունենալով, որ Հարիրիի հրաժարականը յայտարարութեամբ մը կայացած է:

Ուիամ Ուահապ միաժամանակ կարծիք յայտնած է, որ Հարիրի կը գիտակցէր, թէ Լիբանանի անվտանգութեան  հիմնական գրաւականը  «Հըզպալլա»ի զինաթափման ու  անոր Սուրիոյ    պատերազմին մասնակցութեան  խնդիրը  մէկդի    դրուիլն էր:

«Այսօր   բացի Սաատ Հարիրիէն եւ Պահիէ Հարիրիէն, ոչ ոք կրնայ  նոր կառավարութիւն մը կազմել»,- եզրափակած է Ուահապ: