Արագ տրուած լուրով մը սէուտական «Ալ Ախպարիյա» կայանը հաղորդեց, որ արկածի հետեւանքով զոհուած է «Ալ Ասիր» շրջանի փոխ կառավարիչ` Մանսուր Պըն Մըկրէն իշխանը:
Իշխանը եւ անձեր զոհուած են, երբ վերջինները փոխադրող ուղղաթիռը ջախջախուած է:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ ուղղաթիռին մէջ եղած են սէուտցի այլ պատասխանատուներ, որոնք բոլորն ալ զոհուած են:
Դէպքին մասին այլ տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր: