image

Վատիկան կը շարունակէ դէմ ըլլալ Թրամբի որոշումին

Վատիկան  կը շարունակէ դէմ ըլլալ  Թրամբի   որոշումին

Երուսաղէմի մօտ Վատիկանի պատուիրակը զգուշացուցած է միակողմանի կերպով Երուսաղէմի իրաւական կարգավիճակի փոփոխութենէն, կը գրէ «Associated Press» լրատուական գործակալութիւնը:

Փիեռփաթիսթա Փիզապալա տարածաշրջանին մէջ ծայր առած բռնութիւններուն ի տես յայտարարութիւն տարածած է, ուր նշած է, թէ միակողմանի որոշումները չեն կրնար խաղաղութիւն հաստատել Պաղեստինի մէջ, այլ հակառակը՝ կը վանեն այն: Վերջինս շեշտած է նաեւ, որ Երուսաղէմի վերաբերեալ իւրացման որեւէ փորձ պիտի կորսնցնէ քաղաքին համամարդկային պատկանելիութիւնը: