«Ռումանիոյ Հայոց Միութեան առաջին եւ հիմնական նպատակը եղած էր ապահովել հայ նանսէնեաններուն եւ ցեղասպանութենէն վերապրողներուն Ռումանիոյ կողմէ ընդունուելու օրինական կարգը»,- «Արեւելք»ին ըսաւ Ռումանիոյ Հայոց Միութեան նախագահ, գրող Վարուժան Ոսկանեանը: Ան, խօսելով սուրիացի գաղթականներ ընդունելու Ռումանիոյ դիրքորոշման մասին, յայտնեց, որ Ռումանիան դեռ այդ հարցը չունի, որովհետեւ այդքան փախստականներ չկան: Ան իր եւրոպական տարբեր մակարդակի մտաւորական շրջանակներու հետ ունեցած շփումներէն ելլելով, տարբեր խնդիրներու, մանաւանդ ծայրայեղ իսլամութեան վերայայտնումի շուրջ Եւրոպայի մասնատման մասին խօսելով յայտնեց, որ մտաւորականութիւնը բաժնուած է երկու խումբի, մէկ տեսակէտ գոյութիւն չունի: «Ոմանք մարդկային օրէնքի համաձայն կը մտածեն, որ մարդու իրաւունքները պիտք է յարգուին, եւ պէտք է դուռերը բաց ըլլան բոլոր անօթի, ծարաւ եւ յոգնած թափառող գաղթականներուն առջեւ, ուրիշներ ալ կը յայտնեն իրենց մտահոգութիւնը, որ Եւրոպան կրնայ «վարակուիլ» եւ փախստականներու ընդունման միջոցաւ իսլամիստները դիրքաւորուին այնտեղ»,-ըսաւ հայազգի մտաւորականը: Ոսկանեան նշեց, որ նոյնն է նաեւ Ռումանիոյ պարագան, որոշ քաղաքական մարդիկ այն կարծիքի են, որ Ռումանիան պէտք է չընդոււնի փախստականներուն եւ ընդհանրապէս պէտք է ուշադիր ըլլայ իսլամականներու տարածումով եւ այս հիմքէն ելլելով Ռումանիոյ մէջ փախստականներու հարցը ունի շատ տարբեր երեսներ, ան համաձայն չգտնուեցաւ թուային առումով, ուր Ռումանիոյ համար ՄԱԿ-ի կողմէ նախատեսուած էր ընդունիլ 7000 փախստականներ, մինչ Ռումանիա պատրաստակամութիւն յայտնած էր ընդունիլ միայն 2000, եւ հիմա այդ հարցի շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին:
Այնուհետեւ, խօսքը մասնաւորելով սուրիահայ քրիստոնեայ փախստականներու ընդունման մասին, Ոսկանեան նախ 100 տարի առաջ Ռումանիա ապաստանած հայերու օրինակը բերելով ըսաւ. «1919-20 թթ. երբ ցեղասպանութեան վերապրողները Ռումանիա եկան, համայքը դիմեց կառավարութեան, որ ընդունի անոնց եւ Ռումանիոյ կառավարութիւնը ընդունեց այն պայմանով, որ համայնքի մարմինները փաստեն, թէ դիմողները հայ են, ցեղասպանութենէ վերապրող են, ու երաշխաւոր ըլլալու` օգնեն անոնց յարմարուելու ռումանական հասարակութեան մէջ, եւ այդ գործին համար ստեղծուեցաւ Ռոմանիոյ հայոց միութիւնը, 1919 թ.-ին»: Ան յայտնեց, որ այսօր իրենք նոյնպէս դիմած են ռումանական կառավարութեան, որ պատրաստ ենք մեր նախնիներուն նման ընդունիլ հայազգի փախստականներ, եթէ դիմողներ ըլլան եւ մեզ յայտնած են, որ Ռումանիա պատրաստ է ընդունիլ հայ քրիստոնեաները, սակայն ան կը նշէ, որ մինչեւ հիմա այդպիսի դիմումներ չեն եղած, նկատել տալով, որ ընդհանրապէս հայ փախստականներու նպատակը Աւստրալիա, Գերմանիա եւ հիւսիսի մէջ կայք հաստատելն է: Ոսկանեան յայտնեց նաեւ, որ ինք համոզուած է, որ Եւրոպան կամաց-կամաց դռները պիտի սկսի գոցել փախստականներու առջեւ, որովհետեւ ձեւով մը անկառավարելի դարձած է գիտնալ անոնց ով ըլլալը, նպատակները, կամ թէ երբ պիտի վերջանայ այս ալիքները, որու պատճառով սկսած են դժգոհութիւններ մէջտեղ գալ: «Ես կը կարծեմ, որ Եւրոպան շուտով դիրքորոշումը պիտի փոխէ եւ այդքան ազատամիտ պիտի չըլլայ փախստականներու վերաբերեալ, բայց մենք որպէս հայ, այդ պարտականութիւնը ունինք, հայերուն օգնելու եւ կը կարծեմ, որ ամբողջ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի սփիւռքը, հայ համայնքի պէտք է համագործակցին, որպէսզի տեղաւորեն հայ փախստականները»,-նշեց մեր զրուցակիցը:
Ան, զուգահեռ տանելով, ըսաւ. «100 տարի անց, դժբախտաբար կը տեսնուի, որ մարդկութիւնը շատ բան չէ սորուած 20-րդ դարու լեղի դասէն եւ նորէն կը կրկնուին այս բոլորը»:
Ան անդրադառնալով Թուրքիոյ հանդէպ Ռումանիոյ մտաւորականութեան տարակարծութիւններու, նշեց, որ ներկայիս Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի խնդրանքին հիման վրայ Եւրոպայի ամենամեծ մզկիթը Պուխարէսթի մէջ կառուցելու որոշման շուրջ մեծ վիճաբանութիւններ առաջացած են, նշելով, որ անիմաստ կը գտնեն մզկիթի կառուցումը Պուխարէսթի մէջ, երբ թուրքերն ու թաթարները մեծամասնութիւն կը կազմեն ոչ թէ Պուխարէսթի, այլ Գոգոճա ծովափին մէջ, որոնց հետ կ'ապրին նաեւ քանի մը հազար իսլամ արաբեր, որոնք որպէս ուսանող Ռումանիա գալէն ետք հաստատաուած են այնտեղ: «Անոնք, կրնամ ըսել որ շատ մարդավարի խելոք քաղաքացիներ են, որոնք ոչ մէկ խնդիր չեն ստեղծած Ռումանիոյ մէջ եւ տարածուած են ամբողջ երկիրը»:
Ոսկանեան նշեց, որ սա Թուրքիոյ դիմումով եղած խաղ մըն էր, ուր անոնք նախ հողային մակերես մը պահանջեցին, որպէս գերեզմանոց օգտագործելու համար եւ ապա կամաց-կամաց այդ պահանջը ընդարձակեցին Մայր մզկիթի, եւ այս ուղղութեամբ մեր զրուցակիցը իր զարմանքը յայտնեց Ռումանիոյ պետութեան` Թուրքոյ հանդէպ ունեցած բարեացակամ դիրքորոշման, ըսելով «Ռումանիան շատ բարեացակամ է անոնց հանդէպ եւ չեմ հասկնար ինչու, մանաւանդ որ Ռումանիայի քաղաքակրթական զարգացումը ուշացաւ թուրք-օսմանեան լուծին հետեւանքով»: Ան նշեց նաեւ, որ տակաւին յստակ չէ, թէ այդ մզկիթի կառուցումը կը յաջողուի՞, որովհետեւ, ըստ անոր, մարդոց դժգոհութիւնը բաւական մեծ է, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ Ռումանիան քրիստոնէական առումով շատ հաւատացեալ երկիր մըն է:
Ապա անդրադառնալով հայերու վայելած վերաբերմունքին, ան շարունակեց. «Հայերը շատ յարգուած են Ռումանիոյ մէջ, կրնամ ըսել աշխարհի մէջ չկայ հայ համայնք, որ ունեցած է այնքան իրաւունքներ, ինչքան ունի ռումանահայութիւնը»: Մեր զրուցակիցը, մանրամասնելով յայտնեց, որ Ռոմանիոյ պետական պիւտժէին մէջ բաւական մեծ գումար յատկացումի տոկոս մը կայ, որ ամէն տարի ռումանահայութեան կը տրուի` իր կազմակերպչական եւ մշակութային աշխատանքները վարելու համար, ինչպէս նաեւ նշեց, որ հայ քահանաները աշխատավարձ կը ստանան պետութենէն, կիրակնօրեայ դպրոցները նոյնպէս կը ֆինանսաւորուին եւ դպրոցի դասագիրքերը Ռումանիոյ կրթութեան նախարարութեան ծախսերով կը տպուին: Ոսկանեան ըսաւ նաեւ, որ բացի նշուած օժանդակութիւններէն, հայերը կը վայելեն քաղաքական իրաւունքներ եւս, պարզելով, որ Ռումանիոյ Հայոց միութիւնը ընտրութիւններու մասնակցելով, բացառաբար միւսներուն, 3500 ձայն առնելու պարագային իրաւունք ունի նախարար ունենալու, չնայած որ սովորական երեսփոխանի մը համար հարկաւոր է 30,000 ձայն հաւաքել: «Բայց մենք արդէն ամէն ատեն 15-20 000 ձայն կը հաւաքենք, ամենաշատը եղած է 2000 թ.ին, երբ 22,000 ձայն ստացած ենք»,- աւելցուց ան:
Ոսկանեան, ներկայացնելով վերոնշեալ քաղաքական, ընկերային, մշակութային եւ կրօնական իրաւունքներ վայելելու փաստը, որու նմանը չունի ոչ մէկ այլ համայնք, յայտնեց, որ իրավիճակը նոյնը չէ երբ հարցը կու գայ ցեղասպանութեան, այս վերաբերմունքը վերագրելով Ռոմանիոյ վարած «վախկոտ» քաղաքականութեան եւ թուրքերու հանդէպ ունեցած տկարութեան, հակառակ անոր, որ իրենք կ'ընդունին որ ջարդը եղած է եւ կը դատապարտեն: Այս ուղղութեամբ մեր զրուցակիցը յայտնեց, որ այս տարի նախադէպ էր Ռումանիոյ նախագահի կողմէ հայ համայնքին ուղղուած ցաւակցագիրը, սակայն այնուամենայնիւ երբ ճանաչման հարցը քննարկուի կը սկսին յետաձգել, անդրադառանալով, որ հիմա մենք Թուրքիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններ ունինք եւ այլն: