Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան 28 Սեպտեմբերին նախագահական նստավայրին մէջ պիտի հիւրընկալէ աշխատանքային այցով Անգարա մեկնող Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը:
Ըստ թրքական «Ahaber.com.tr» լրատուական կայքին, Փութինի պատուին տրուելիք ընթրիքի ընթացքին 2 նախագահներու օրակարգի գլխաւոր թեմաները պիտի ըլլան Իրաքի Քիւրտիստանին մէջ կայացած անկախութեան հանրաքուէն, Իրաքի ապագային ու Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն հետ կապուած խնդիրները:
Տարածաշրջանային խնդիրներէն բացի կարեւոր թեմաներու շարքին պիտի ըլլայ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «S-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնումը: