3 Սեպտեմբերին Թուրքիոյ Տիարպէքիր նահանգի Լիճէ շրջանին մէջ պարետային ժամ յայտարարուած է: Ինչպէս կը տեղեկացնէ թրքական «Haberler» լրատուակայքը, Լիճէի մէջ «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (PKK) զինեալներու խումբ յայտնաբերուած է, որու դէմ լայնծաւալ ռազմական գործողութիւններ սկսած են:
Լիճէի համայնքային ղեկավարութիւնը, ռազմական գործողութիւններու ժամանակ խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեան նկատառումներէնելլելով, Լիճէի 4 թաղամասերուն մէջ (Պաղլան, Տոլունայ, Եալազա, Չաւունտար) Թուրքիոյ ժամանակով ժամը 21:00-էնսկսեալ պարետային ժամ յայտարարած է: Աղբիւրը չի հաղորդեր, թէ երբ կ'աւարտի պարետային ժամը: