Թուրքիոյ Շրնաք նահանգին մէջ ռազմական ուղղաթիռ կործանուած է, ինչի հետեւանքով 13 մարդ զոհուած է : Այս մասին կը տեղեկացնէ «Reuters» գործակալութիւնը` յղում ընելով Թուրքիոյ անվտանգութեան ծառայութիւններուն:
Աղբիւրի համաձայն Cougar ուղղաթիռը կործանուած է օդ բարձրանալէ 3 վայրկեան անց` բախելով ելեկտրահաղորդակցման լարերուն:
Միջադէպի մանրամասները դեռ յայտնի չեն: