Թուրքիան 15-ամեայ Ապտօ Շէխոն ուղարկած էր Լիպիա այնտեղի կռիւներուն մասնակցելու. այժմ անոր ընտանիքը դիմելով միջազգային հանրութեան, կը հարցնէ Անգարայի զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ առեւանգուած որդւոյն ճակատագրին մասին:
Ըստ «Հաուար» քրտական կայքին, Սուրիոյ հիւսիսը բռնագրաւած թրքական զինեալ խմբակցութիւն մը, առեւանգելով անչափահասը ուղարկած է Լիպիա 15 ապրիլին:
Անչափահասին ընտանիքը, կը պահանջէ, որ Թուրքիան հաշիւ տայ Սուրիոյ Հիւսիսը գտնուող Աֆրին քաղաքին մէջ իր գործած ոճրագործութիւններուն համար:
Ըստ նոյն աղբիւրին, սուրիացի պատանին, մօտաւորապէս երկու ամիս, ենթարկուած է զանազան տեսակի չարչարանքներու թրքական խմբաւորումներուն ձեռամբ, մինչեւ Լիպիա ուղարկուիլը այնտեղ կռուելու «Ալուիֆաք» կառավարութեան կողքին ընդդէմ՝ զօր. Հաֆթարի ուժերուն։
Պատանիին հօրեղբայրը՝ Նաժիպ, որ այժմ տեղահանուած է Աֆրինէն, «Հաուար»ի հետ զրոյցի ընթացքին, դիմած է միջազգային հանրութեան եւ երեխաներու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններուն, որ արագօրէն միջամտեն եւ հետաքրքրուին այդ խնդրով ու նաեւ բացայայտեն Ապտօ Շէխոյի ճակատագիրը։
Հօրեղբայրը նշած է, թէ Ապտոն մէկ հատիկ զաւակն է իր եղբօր ընտանիքին, որուն ծնողները հիւանդ են եւ մտահոգ իրենց զաւակի անյայտ կորուստով: Նաեւ յայտնած է, թէ պէտք է դատապարտել Թուրքիան, քիւրտ երեխաներու հանդէպ կիրառած չարչարանքներուն նաեւ պատերազմներու մէջ ներքաշելու յանցանքով:
Նաժիպ մատնանշած է, որ Թուրքիոյ խմբաւորումները Սուրիոյ Հիւսիսի գիւղերը վերածած են իրենց ապօրինի գործերու կեդրոն: Անոնք կ'առեւանգեն Եւրոպա ապրող զաւակներ ունեցող ծնողները, մեծ գումարներու փոխարէն զանոնք ազատ արձակելու նպատակով:
Նիւթը «Ալ Արապիյա» կայքէն