image

Թրամբի պատժամիջոցներէն Աունին եւ «Հոսանքին» ալ բաժին պիտի հասնի՞

Թրամբի պատժամիջոցներէն Աունին եւ «Հոսանքին» ալ բաժին պիտի հասնի՞

«Ալ-Ճըմհուրիյա» թերթը յայտնած է, որ ոչ մէկ փաստացի տուեալ չկայ, որ նախագահ Աուն անձնապէս թիրախ է ամերիկեան պատժամիջոցներուն, որոնք պիտի սահմանուին ամերիկեան գոնկրէսին կողմէն:  Սակայն այս հարցի մասին ամերիկեան թերթերու մէջ սպրդած  լուրերէն ի յայտ կու գայ, որ նախագահի անունը նոյնպէս կը շօշափուի:

Թերթի սիւնակագիր Թոնի Իսա, իր յօդուածին մէջ կը տեղեկացնէ, որ «Ամերիկան կ'ուսումնասիրէ  հնարաւոր հետեւանքները՝ «Ազգային ազատ հոսանք»ի անոր աշխատակազմին վրայ եւ կը սերտէ անոնց դրամատան հաշիւները, սկսելով ամենամօտերէն եւ հասնելով անձնապէս իրեն՝ նախագահին, եւ եթէ այդ մէկը պատահի, Նախագահը, Ազգային Ազատ Հոսանքն ու ամբողջ Լիբանանի պետութիւնը պիտի յայտուի ծանր վիճակի մէջ»:

Յօդուածագիրը նաեւ աւելցուցած է, որ ի սկզբանէ «Հըզպալլա»ն կ'ուզեր, որ Աունը, «Հոսանք»ի  մարմինները եւ ամերիկայի մէջ քրիստոնեայ գաղթական ուժերը միջնորդի դեր խաղան՝ իր դէմ Ամերիկեան յարձակումը մեղմելու մէջ: Այդ իսկ պատճառով ալ «Հըզպ»ը շատ ճկուն եւ ճշգրտութեամբ կը վարուի Աունի հետ՝ ներքին քաղաքականութեան թղթապանակներու վերաբերեալ: Եւ հաստատ «Հըզպալլա»ն պիտի տուժէ, եթէ «Ազգային Հոսանք»ը ուղղակիօրէն ներգրաւուի պատժամիոցներուն մէջ, որովհետեւ ան պիտի կորսնցնէ իր վստահելի միջնորդը:

Այս տեսանկիւնէն մեկնելով, յօդուածագրի համաձայն,  Աուն կ'աշխատի հնարաւորինս ճգնաժամը յետաձգել:  Անոր համար լաւագոյն տաբերակը պիտի ըլլայ, եթէ Թրամբ եւ իրանցիները սուր հակամարտութիւնը լուծող կարգաւորման մը հասնին: Սակայն անոնց ընթացած ուղղութիւնը կարծես հակառակն է մինչ օրս:

 Ամէն պարագայի, Ուաշինկթըն 1995-էն ի վեր  «Հըզպալլա»ն ահաբեկչական կազմակերպութիւն կը համարէ, եւ անոր վրայ դրուած նիւթական պատժամիջոցները Թրամբի նխագահութեան շրջանէն առաջ կային արդէն:

Գրողը իր յօդուածը աւարտած է նշելով, որ Աուն նեղ կացութեան մատնուած է եւ անոր ճգնաժամը կ'ընդլայնի՝ տարածաշրջանային հակամարտութեան զարգացման զուգընթաց: Եւ ինչպէս բոլոր մնացեալ թղթածրարներու պարագային, հոս եւս, անոր գրաւականը ժամանակի կամ պատահականութեան վրայ է, «Արդեօք հնարաւոր է դեռ հրշաքներու սպասել»,- հարցադրած է յօդուածագիրը: