Սուրիա Տահէշի (ISIS) կոմէ առեւանգուած մեծ թիւով ասորիներ ազատ արձակուած են: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Արեւելք»ի Հալէպի աղբիւրը: Մեր աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Տահէշ 10 ամիսներ առաջ գրաւելէ ետք «Թալ Թամըր» շրջանը պատանդ վերցուցած էր շուրջ 200 ասորիներ, որոնց մէջ կային կիներ եւ երեխաներ: Տահէշ յաճախակի սպառնալիքներ հնչեցուցած էր անոնց սպաննութեան վերաբերեալ պահանջելով բարձր փրկագին: Մեր աղբիւրը նաեւ կը յիշեցնէ, որ ահաբեկչական խմբաւորումը, որպէս սպառնալիքներու իրականացում գլխատած էր 3 ասորիներ, որոնց մէջ էր նաեւ Ապտըտ Ալ Մասիհ Կաուրի անունով բժիշկ մը եւ հրապարակած վերջինիս գլխատման տեսանիւթը (Տեսնել լուսանկարը): «Արեւելք»ի աղբիւրը տեղեկացուց , որ Ասորի գերիները ազատ արձակուած են շնորհիւ Աւստրիա եւ Ամերիկա ապրող ասորի համայնքներու տարած ճիգերուն եւ գերիներու ազատութեան պայմաններուն մասին տեղեկութիւններ չեն տրուիր: Ըստ մեր աղբիւրին ազատագրուած գերիներուն մէջ տղամարդիկ չկան այլ միայն կանայք եւ երեխաներ ու գերի ինկած տղամարդոց ճակատագիրը մինչեւ այս պահը կը մնայ անյայտ:Նշենք, որ Թալ Թամըր շրջանը կը գտնուի Սուրիոյ «Ալ Ճազիրա» շրջանին մերձ եւ անոր բնակչութեան մեծագոյն տոկոսը քրիստոնեայ ասորիներ են: