image

Թալ Թամըրի Մէջ Տահէշի Կողմէ Առեւանգուած Ասորի Կիներն Ու Երեխաները Ազատ Արձակուեցան

Թալ  Թամըրի  Մէջ  Տահէշի  Կողմէ  Առեւանգուած   Ասորի Կիներն Ու Երեխաները Ազատ Արձակուեցան

 Սուրիա Տահէշի (ISIS) կոմէ առեւանգուած      մեծ թիւով ասորիներ ազատ արձակուած են: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Արեւելք»ի Հալէպի աղբիւրը: Մեր աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ  Տահէշ  10    ամիսներ առաջ   գրաւելէ ետք   «Թալ Թամըր»  շրջանը   պատանդ վերցուցած էր   շուրջ     200 ասորիներ, որոնց մէջ կային կիներ  եւ երեխաներ: Տահէշ   յաճախակի սպառնալիքներ  հնչեցուցած էր  անոնց   սպաննութեան   վերաբերեալ   պահանջելով բարձր փրկագին: Մեր  աղբիւրը նաեւ կը յիշեցնէ, որ ահաբեկչական  խմբաւորումը, որպէս  սպառնալիքներու    իրականացում գլխատած էր    3 ասորիներ, որոնց մէջ էր նաեւ   Ապտըտ Ալ  Մասիհ Կաուրի անունով բժիշկ մը եւ հրապարակած  վերջինիս գլխատման տեսանիւթը (Տեսնել  լուսանկարը):  «Արեւելք»ի աղբիւրը   տեղեկացուց , որ   Ասորի գերիները ազատ  արձակուած են շնորհիւ  Աւստրիա  եւ Ամերիկա ապրող ասորի համայնքներու տարած ճիգերուն եւ  գերիներու ազատութեան  պայմաններուն մասին   տեղեկութիւններ չեն տրուիր: Ըստ մեր աղբիւրին   ազատագրուած գերիներուն մէջ տղամարդիկ չկան  այլ միայն կանայք եւ երեխաներ ու    գերի ինկած տղամարդոց ճակատագիրը մինչեւ այս պահը կը մնայ անյայտ:Նշենք, որ Թալ Թամըր  շրջանը կը գտնուի  Սուրիոյ «Ալ Ճազիրա» շրջանին մերձ եւ անոր բնակչութեան մեծագոյն տոկոսը քրիստոնեայ ասորիներ են: