«Տահէշ» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը, յայտարարած է, որ յարձակման թիրախ պիտի դարձնէ Ռուսաստանը ՝ Մոնտիալ 2018-ի խաղերուն ընթացքին: Այս մասին յայտնած է բրիտանական «Mirror» թերթը, նշելով, որ կազմակերպութեան ահաբեկիչները ընկերային ցանցեր ողողած են նկարով մը, ուր պատկերուած զէնք եւ ռումբ կրող ահաբեկիչը կանգնած է «Վոլկոկրատ» դաշտին մէջ եւ նկարը կը կրէ կազմակերպութեան սեւ նշանը:
Աղբիւրը նշած է, որ պատկերը, որ «Տահէշ»ի կողմէ որպէս «փրոփականտ» տարածուած է, կը կրէ Մոնտիալի պաշտօնական նշանը (լոկոն), որ պիտի իրականացուի Ռուսիոյ 11 քաղաքներուն մէջ, յաջորդ տարուան 14 Յունիսէն 15 Յուլիս ինկած ժամանակահատուածին: