image

«Տահէշ» կը շարունակէ իր բարբարոսութիւնները. Հասաքէի մէջ զոհերուն թիւը հասած է 50-ի

«Տահէշ» կը շարունակէ իր բարբարոսութիւնները. Հասաքէի մէջ զոհերուն թիւը հասած է 50-ի

Անցնող օրերուն Գամիշիլիի մերձ  եղող  Հասաքէ  շրջանին մէջ տասնեակ  մարդիկ զոհուած են: Այս մասին կը յայտնէ «ՍԱՆԱ» գործակալութիւնը, նշելով, որ պայթումին թիրախ դարձած է Տէր Զօրէն փախուստի դիմած փախստականներու հաւաքատեղին:

 

Աղբիւրին  համաձայն, «ահաբեկչական պայթումի զոհերու շարքին   եղած են մեծ թիւով կիներ եւ երեխաներ», աւելցնելով, որ ականուած ինքնաշարժի պայթումէն ետք, մինչ քաղաքացիները կը փորձէին փախչիլ տարածքէն, խուսափելու համար երկրորդ հնարաւոր պայթումէ մը,  հարիւրաւոր անձեր մտած են ականապատուած դաշտեր, ինչին  հետեւանքով զոհերու թիւը կրկնապատկուած է:

 

Իր հերթին, «Ռռյթըրզ» գործակալութիւնը քրտական Կարմիր մահիկի բժշկական աղբիւրէն տեղեկացած է, որ «Տահէշ»ի երկու անձնասպաններ սպաննած են նուազագոյն 50 մարդ եւ  տասնեակ  ուրիշներ վիրաւորած են երեք ականուած իքնաշարժներու պայթումներուն հետեւանքով:

 

 

Միւս կողմէ Սուրիոյ «Մարդու իրաւունքներու դիտորդ» կայքը  յայտնած էր, որ Տէր Զօրի եւ Հասաքէյի միջեւ ինկած «Ապու Ալ-Ֆաս» շրջանին  մէջ եղած յարձակման զոհ գացած է 18 մարդ: