image

Սուրիոյ կառավարութիւնը հաստատած է ԱՄՆ-ի եւ «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման համագործակցութիւնը

Սուրիոյ  կառավարութիւնը  հաստատած է ԱՄՆ-ի եւ «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման  համագործակցութիւնը

Սուրիացի ռազմագէտ Ալի Մաքսուտ յայտարարած է, որ անցնող հինգ օրերու ընթացքին Սուրիոյ բանակը զգալի յառաջխաղացում գրանցած է Տէր Զօրի մէջ:

«Սփութնիք»ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ Ալի Մաքսուտ նշած է, որ Սուրիոյ բանակը «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման զինեալներէն ազատագրելէն ետք Ալ Մայատին քաղաքը, որ ահաբեկչական խմբաւորումներու մատակարարման գլխաւոր կեդրոնը կը համարուէր, ռազմական գործողութիւններ իրականացուցած է նաեւ Եփրատ գետի հարաւ-արեւմտեան եւ արեւելեան ափին, ազատագրելով Ալ Մայատինը Տէր Զօրին կապող ճանապարհը:

Ըստ ռազմագէտին, ներկայիս սուրիական եւ իրաքեան ուժերը կը համագործակցին Պուքամալ քաղաքն ազատագրելու ուղղութեամբ, որ երկու երկիրներուն միջեւ կապող օղակ կը հանդիսանայ, եւ բանակը Տէր Զօր մտնելէն ետք, ԱՄՆ այնտեղ տեղափոխած էր ահաբեկչական խմբաւորման բոլոր զինեալները, նպատակ ունենալով Իրաքն ու Սուրիան իրարմէ անջատել:

Ինչ կը վերաբերի «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներէն ազատագրուած շրջաններուն մէջ յայտնաբերուած գերզարգացած զինամթերքին, Ալի Մաքսուտ յայտնած է, որ անոնք ՆԱԹՕ-ի եւ Իսրայէլի կողմէ արտադրուած զէնքեր են, իսկ հաղորդակցման միջոց հանդիսացող սարքերը՝ ամերիկեան, բան մը, որ կը հաստատէ Արեւմուտքի եւ Ամերիկայի կողմէ ահաբեկչական խմբաւորման սատարումը: Ռազմագէտը շեշտած է նաեւ, որ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ մղուող պատերազմի ժամանակ ձեռք բերուած փաստաթուղթերը ուժեղ կ'ապացուցեն անմիջական կապը  ահաբեկչական խմբաւորման եւ Միջին Արեւելքի բաժանման նախագիծի պատրաստողներուն միջեւ: