Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը այսօր յայտարարած է, որ Սուրիոյ հողերու 91 տոկոսը ազատագրուած է «Տահէշ»ի ահաբեկիչներէն: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Տիար»ը, նշելով, որ ռուսական «Կրասնիա զվեզտա» թերթի՝ քարտէզի վրայ տրամադրուած նախարարութեան պաշտօնական հրապարակումին համաձայն, այսօրուան դրութեամբ ազատագրուած է երկրի 91.6 տոկոսը:
Նշենք, որ Ռուսական օդուժը եւ ծովային նաւատորմը Սուրիոյ բանակի կողքին կը մասնակցին կռիւներուն, նախագահ Ասատի պաշտօնական խնդրանքով: