image

Սուրիայէն դէպի Լիբանան կրօնական հնութիւններու մաքսանենգման փորձ բացայայտուած է

Սուրիայէն դէպի Լիբանան կրօնական հնութիւններու մաքսանենգման փորձ բացայայտուած է

Լիբանանեան Շաքքա շրջանին մէջ մաքսանենգութեան մեղադրանքով՝ Սուրիայէն Լիբանան կրօնական հնութիւններ փոխադրող երկու անձեր ձերբակալուած են: Այս մասին յայտարարծ է Լիբանանի ներքին անվտանգութեան ուժերու գլխաւոր տնօրէնութիւնը:

Մաքսանենգութեան բացայայտումը կատարուած է Լիբանանի Հիւսիսային շրջանի հետախուզական բաժանմունքի կատարած քննութեան եւ հետազօտութեան արդիւնքով: 1995-ի ծնունդ սուրիացիի եւ 1986-ի ծնունդ լիբանանցիի մօտ գտնուած է հին սուրբ գիրք մը եւ անթիք մետաղադրամ, որոնք կը փորձէին վաճարել 100,000 ամերիկեան տոլարի դիմաց:

Լիբանանի ներքին անվտանգութեան ուժերու գլխաւոր տնօրէնութիւնը կը նախազգուշացնէ  քաղաքացիները զոհ չդառնալ այդ մարդոց, որոնց մասնագիտութիւնը խարդախութիւնն է, եւ յաճախ անոնց վաճառածները կեղծ եւ շինծու նմանօրինակներ են: