image

Սուրիա.Պատերազմին պատճառով մարմնական անդամալուծութիւն ունեցողներուն թիւը աճ գրանցած է

Սուրիա.Պատերազմին պատճառով   մարմնական  անդամալուծութիւն ունեցողներուն թիւը   աճ գրանցած է

Դամասկոսի համալսարանի Մանկավարժական բաժնի ղեկավար դոկտ. Ամալ Ալ Ահմատ յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած պատերազմին հետեւանքով երկրին մէջ անգործունակ մարդոց թիւն աւելնալով կազմած է բնակչութեան 10 տոկոսը:

«Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ժամանակ վերջինս նշած է, որ երկրին մէջ անգործունակ ճանչցուած ու անգործունակութեան քարտ ունեցող բնակիչներու թիւը կազմած է 190 հազար, նկատի ունենալով, որ կան նաեւ մեծ թիւով անգործունակ անձեր, որոնք քարտեր չեն ստացած:

Ամալ Ալ Ահմատ շեշտած է, որ պատերազմը առաւել բարդացուցած է անգործունակ անձերու վիճակն ու կրկնապատկած անոնց տառապանքը, որովհետեւ վերջիններս կարիք ունին նիւթական ու հոգեկան մշտական աջակցութեան: