Երեք օտարերկրացի լրագրող զոհուած է սուրիական Ռաս ալ-Այն քաղաքի մօտէն անցնող մեքենաներու շարասիւնի ուղղութեամբ թրքական ռազմական օդանաւերու գործած յարձակման հետեւանքով: Այս մասին կը յայտնէ ТАСС գործակալութիւնը՝ յղում ընելով քրտական աղբիւրին:
Աղբիւրի տուեալներով՝ ընդհանուր առմամբ, թրքական օդուժի յարձակման հետեւանքով աւելի քան 11 քաղաքացիական անձ զոհուած է: Բուժաշխատողներու տուեալներով՝ զոհերու թիւը կրնայ մեծնալ, քանի որ ռմբակոծման ժամանակ շուրջ 100 մարդ վիրաւորուած է: Տուժածներէն ոմանք ծանր վիճակով կը գտնուին հիւանդանոցը:
Օդային հարուածներու թիրախ դարձած մեքենաներու շարասիւնը սուրիական Գամիշլի սահմանամերձ քաղաքէն կ'ուղեւորուէր Ռաս ալ-Այն՝ լուսաբանելու ռազմական բախումներու վայրին մէջ տիրող իրավիճակը:
Կը նշուի, որ ուղեւորներու շարքին էին արտասահմանեան ԶԼՄ-ները ներկայացնող լրագրողներ: Մասնաւորապէս, կը հաղորդուի, որ հանրակառքին մէջ եղած են անգլիացի եւ ֆրանսացի թղթակիցներ, ինչպէս նաեւ տեղի ԶԼՄ-ներու ներկայացուցիչներ: