Սոմալիոյ մայրաքաղաք Մոկատիշոյի մէջ նախօրէին տեղի ունեցած ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 231-ի: Այս մասին կը հաղորդէ BBC Arabic-ը, նշելով, որ ահաբեկչութեան հետեւանքով աւելի քան 300 մարդ վիրաւորուած է: Զոհերու մեծ մասը տեղի բնակիչներ են: Մահացածներու շարքին կան մի քանի զինուորականներ:
Ոստիկանութեան տուեալներով՝ ահաբեկչութիւն կատարողը անձնասպանական գործողութիւն կատարող ահաբեկիչ եղած է: Ան բեռնատարի ղեկին գտնուելով, նախ վթարի ենթարկուած է՝ բախելով այլ մեքենաներու եւ ինքնաթիռներու, այնուհետեւ քաղաքի կենդոնին մէջ բանուկ խաչմերուկ դուրս եկած: Այնտեղ ալ գործի դրած է պայթուցիկը, ինչի հետեւանքով շրջակայ շէնքերն ամբողջութեամբ կամ մասնակի փլած են:
Վարկածներէն մէկուն համաձայն՝ յանցագործը մտադրութիւն ունեցած է ականահարել շրջանին մէջ գտնուող հիւրանոցը, ուր յաճախ կը հանգրուանեն լրագրողներն ու քաղաքական գործիչները, սակայն չէ յաջողած:
Կատարուածի պատասխանատուութիւնը տակաւին ոչ մէկ խմբաւորում չէ ստանձնած: