Արեւելեան Լիպիոյ մէջ գտնուող զինեալ խմբաւորումը յայտարարած է Լիպիոյ նախկին ղեկավար Մոամմար Քազաֆիի կրտսեր որդիին` Սէյֆուլիսլամ Քազաֆիի ազատ արձակելու մասին, որ ձերբակալուած էր 2011-ին իր հօր դէմ եղած իթիֆատայի օրերուն: Այս մասին կը յայտնէ «Ալ-Տիար»:
Սէյֆուլիսլամի փաստաբան Խալէտ Ալ-Զայտին յայտնած է, որ ան ազատ արձակուած է Զինթան քաղաքին մէջ, Արեւելեան Լիպիոյ խորհրդարանի ներումի որոշումով, որմէ ետք անցած է այլ շրջան, որուն անունը չէ յայտարարած՝ ապահովական նկատառումներէ ելլելով: