«Ռօյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը յայտնած է, որ Սէուտեան Արաբիոյ մէջ կալանաւորուած է միլիառատէր, աշխարհի մեծահարուստներու ցուցակը գլխաւորողներէն մին՝ Էմիր Ուալիտ Պին Թալալ եւ երկրի Ելեւմուտի նախկին նախարար Իբրահիմ Ալ Ասսաֆ, որոնք կը մեղադրուին կաշառակերութեան մէջ:
Ըստ «New York Times» թերթին, կալանաւորներու շարքին են տաս էմիրներ, չորս նախարարներ եւ տասնեակ նախկին նախարարներ, որոնք բոլորն ալ մեղադրուած են կաշառակերութեան, ինչպէս նաեւ երկրէն ներս եւ դուրս դրամական ապօրինի գործունէութիւններ ծաւալելու մէջ:
«Wall Street Journal»ի փոխանցմամբ, Ուալիտ Պին Թալալի դէմ ուղղուած մեղադրանքներուն մէջ կայ նաեւ դրամի լուացման մեղադրանքը:
Լրատուամիջոցներուն համաձայն, կալանաւորման որոշումը հրապարակուելէ ժամեր առաջ երկրի թագաւորը Մուհամմատ Պին Սալմանի գլխաւորութեամբ կաշառակերութեան դէմ պայքարի նոր յանձնաժողովի մը հիմնադրման հրաման արձակած է, որուն լիազօրութիւններուն մէջ կը մտնէ հարցաքննութիւներ կատարելը, ձերբակալելը, խափանման միջոց ընտրելը, հաշիւներու սառեցումը բոլոր այն անձերուն, զորս կաշառակերութեան մէջ կը կասկածի:
«New York Times» նշած է նաեւ, որ Ռիատի «Ռից Քարլթոն» հիւրանոցը շաբաթ օր դատարկուած է, բան մը, որ կասկած առաջացուցած է, թէ կալանաւորուած էմիրներն այնտեղ պիտի պահուին: Բացի անկէ, Ռիատի օդակայանը իր դռները փակած է սեփական օդանաւերու առջեւ, որ նոյնպէս կասկած առաջացուցած է, թէ նման քայլի նպատակը մեծահարուստներու երկրէն փախուստը կանխելն է:
Ըստ «Ռոյթըրզ»ի, կալանաւորման յաջորդած է երկու նոր նախարարներու՝ Ազգային պահակազօրի եւ Տնտեսութեան նախարարներու նշանակում այն բանէն ետք, երբ Սէուտեան գահաժառանգի հրամանով թագաւորական ընտանիքի անդամներէն մէկը հանդիսացող Ազգային պահակազօրի հրամանատարը պաշտօնանկ յայտարարուած էր: